Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաւթի Եւ Կազի Հորատման Նաւը Հասաւ Թիւ 9 Նաւթահոր

August 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ երէկ յայտնեց, որ նաւթի եւ կազի հորատման նաւը հասած է թիւ 9 նաւթահոր:

Աւելի ուշ «Թոթալ էնըրճիզ» ընկերութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հորատման նաւը, անոր անձնակազմն ու ուղղաթիռը արդէն իսկ հասած են հարաւային Լիբանան եւ լիբանանեան ջուրերուն վրայ կը գտնուին` կատարելու համար թիւ 9 նաւթահորի հորատման աշխատանքները:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Համիէ եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ ուղղուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայան` ստուգելու համար հոն պատրաստուած այն հարթակը, որ պիտի ծառայէ հորատման աշխատանքներու գումակային կարիքներուն եւ պիտի օգտագործուի հորատման նաւուն ընկերակցող ուղղաթիռին կողմէ:

Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին Համիէ յոյս յայտնեց, որ Լիբանան դառնայ նաւթային երկիր մը եւ այդպիսով անիկա լիբանանցիներուն համար վերածուի յուսատու լոյսի մը:

Համիէ յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն հորատման նաւու ուղղաթիւռին օգտագործելիք օդային գիծը պիտի կոչուի «Կանա 96»` 1996-ի Կանայի զոհերուն յիշատակը վառ պահելու եւ Լիբանանի ապաքինման նոր փուլը սկսելու նպատակով:

Իր կարգին, Ֆայեատ շեշտեց, որ հորատման աշխատանքներու արդիւնքը պէտք է բացայայտուի յառաջիկայ երկու կամ երեք ամիսներուն ընթացքին:

Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենք լաւատես են, եւ «Թոթալ» ընկերութիւնը իր կարգին լաւատեսութիւն յայտնած է` թիւ 9 նաւթահորին մէջ մեծ քանակով նաւթ ըլլալու հաւանականութեան մասին:

Իր կարգին, կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին համաձայնութիւն յայտնեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 9 նաւթահորի նաւթի ու կազի հորատման իմաստով պատրաստուած կենսոլորտային տեղեկագիրին:

Եասին ուժանիւթի նախարարութենէն պահանջեց, որ հորատումի աշխատանքները կատարող անձնակազմերը յարգեն կենսոլորտի նախարարութեան ճշդած օրէնքներն ու չափանիշները եւ մէկ ամիս ետք տեղեկագիր մը ներկայացնեն անոնց աշխատանքներու կենսոլորտին վերաբերող արդիւնքներուն մասին:

 

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Եթէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ Պատերազմ Սանձազերծէ, Ապա Զայն Քարէ Դար Պիտի Վերադարձնենք»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2023-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Խորհրդարանը Պիտի Գումարէ Օրէնսդրական Նիստ Մը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.