Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ եւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու Լիբանանի համակարգող Օմրան Ռիզան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բաժանմունքին միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը, որուն լոյսին տակ Լիբանանի պիտի յանձնուին հոն գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող տեղեկութիւնները:
Նշենք, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին տեղեկութիւնները պահանջուած էին Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին կողմէ:
Ռիզա շեշտեց, որ յանձնախումբին յանձնարարականը եղած է կարեւոր` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ամբողջական գործակցութիւն պէտք է ծաւալի:
Ալամէ յայտնեց, որ ինք կը փափաքի սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման նպատակով այցելել այն երկիրները, որոնց մօտ կը գտնուի հիմնական որոշումը` աւելցնելով սակայն, որ այդ այցելութիւնները պիտի կատարէ նախագահական ընտրութենէն ետք:
Ան նշեց նաեւ, որ յանձնախումբը կը փափաքի իր յանձնարարականներուն մասին իրազեկել խորհրդարանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ եւրոպական երկիրներու դեսպաններուն եւ լիբանանցի պատասխանատու ու պետական անձնաւորութիւններուն:


