Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատունը երէկ հրապարակեց թիւ 682 շրջաբերականը, որուն համաձայն` 31 հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ փակուած կամ այլ դրամատուն փոխադրուած դրամատնային հաշիւները կրնան օգտուիլ թիւ 158 շրջաբերականէն, որ կ՛արտօնէ քաղաքացիներուն իրենց հաշիւին մէջ գտնուող գումարները օտար դրամանիշով ստանալ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 2000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 2000 լ. ոսկիով, մազութինը` 24.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է նոյնը: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.574.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.614.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.587.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 950.000 լ. ոսկի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց նախկին նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ պաղեստինեան իրադարձութիւնները: Ուրբաթ օրուան իր քարոզին մէջ Խաթիպ յայտնեց, որ պաղեստինեան հողերուն վրայ Դիմադրութեան մղած պայքարը արաբ ժողովուրդին գոյութենական պայքարն է` ընդդէմ մարդկութեան թշնամիներուն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Սէարթոյէն ստացաւ շնորհաւորագիր մը` Լիբանանի անկախութեան առիթով:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանան-Ֆրանսա երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի: Պլոքը կոչ ուղղեց երկարաձգելու լիբանանեան բանակի հրամանատարին եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնց պէտք է դիմել` փրկել կարենալու համար պետական հաստատութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակին իրականացուցած մեծագոյն նուաճումը նորածին երեխաներուն եւ Շիֆա հիւանդանոցին մէջ գտնուող հիւանդ կիներուն դէմ անոր իրականացուցած վերացական յաղթանակն է:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյր հաստատեց, որ եթէ 2024-ի պետական ամավարկը վաւերացուի, ապա իրենք պիտի տան քաղաքացիական անհնազանդութեան սկսելու որոշումը եւ պիտի դադրին պետութեան տուրքերը վճարելէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ 2024-ի պետական ամավարկը լիբանանեան օրինական տնտեսութեան զենում է, եւ զայն վաւերացնելու պարագային անիկա պիտի ըլլայ երեսփոխաններուն կողմէ գործուած մեծագոյն ոճիրը: Տահեր կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխաններուն մերժելու խորհրդարան ներկայանալ` ձախողցնելու համար ամավարկի այդ նախագիծը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Եասին Եասին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք չէ ներքաշուի Կազայի պատերազմին մէջ, որովհետեւ ան պատերազմին հետեւանքները հանդուրժելու կարողութիւն չունի:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար, հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը: Օսմանի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Մարք Տաու եւ Միշել Տուէյհի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթար այցելեց քաղաքացիական ապահովութեան ուժերու Ժեզզինի կեդրոնատեղին, ուր ցուցմունքներ տուաւ կազմ ու պատրաստ ըլլալու` դիմագրաւելու համար Լիբանանը հարուածելիք ձիւնամրրիկին հետեւանքները:

 

Նախորդը

Քաանի. «Իրան Անհրաժեշտ Ամէն Բան Պիտի Ընէ Համասին Օգնելու»

Յաջորդը

Միքաթի Ռիզայի Հետ Քննարկեց ՄԱԿ-ի Հաստատութիւններուն Հետ Կառավարութեան Համագործակցութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.