Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի ուժանիւթի նախարար Սաատ պըն Շարիտա Քաապիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ուժանիւթի վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Քաապի հաստատեց, որ Քաթար պատրաստ է Լիբանանին տրամադրելու, այլ խօսքով` Լիբանանի համար կառուցելու այլընտրանքային ուժանիւթի երեք գործարաններ` ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան հետ գործակցաբար:
Սալամ յայտնեց, որ ուժանիւթի սղաճը պատճառ կը դառնայ, որ արդիւնաբերական ոլորտի արտադրութիւնները 50 առ հարիւրով սղին: Ան աւելցուց նաեւ, որ ուժանիւթի գոյութիւն չունենալը հիմնական արգելքն է գործարաններու բանեցումին:
Քաապի յայտնեց, որ այլընտրանքային ուժանիւթի գործարանները օրական 500 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն կրնան տրամադրել Լիբանանին, որ երկրին ամէնօրեայ կարիքին 30 առ հարիւրն է: