Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Ընդունեց Սամիր Ժահժահի Կողմէ Գործուղուած Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը

Նոյեմբեր 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որ գործուղուած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած ապահովական վտանգը` Կազայի մէջ բռնկած պատերազմին պատճառով:

Պու Ասի դատապարտեց պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած սպանդները, որոնք թիրախ կը դարձնեն երեխաները, կիներն ու տարեցները, «սակայն մենք ո՛չ լիբանանցիներուն եւ ո՛չ ալ պաղեստինցիներուն ծառայած կ՛ըլլանք, եթէ Լիբանանի երեխաները մօտեցնենք հրդեհին: Հետեւաբար կը պահանջենք Լիբանանի  եւ լիբանանցիներուն ապահովութիւնը չվտանգել եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրել` վերջ տալով հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող բախումներուն», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հարցին` Պու Ասի նշեց, որ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած են համախմբումին փափաքը, որն է երկարաձգել բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը, «որովհետեւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին անյարմար կը գտնենք բանակի հրամանատարին փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ ճիշդ չէ, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան բանակի նոր հրամանատար մը նշանակուի», շեշտեց ան:

Պու Ասի յայտնեց, որ իրենք կը մաղթեն ունենալ բանակի հրամանատար մը, որ քաղաքականացած չէ եւ այս կամ այն քաղաքական ուժին կողմէ չէ առաջադրուած, «ինչպէս նաեւ կը փափաքինք ունենալ բանակի հրամանատար մը, որ փորձառու է, այնպէս ինչպէս փորձառու է զօր. Ժոզեֆ Աուն», յայտնեց Պու Ասի` աւելցնելով, որ այս նպատակով Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը ներկայացուցած է օրէնքի նախագիծ մը, որուն հիման վրայ կ՛առաջարկէ մէկ տարիով յետաձգել զօրավարներուն պաշտօնավարութիւնը, որպէսզի օրէնքը ներառէ բոլորը եւ ոչ միայն բանակի հրամանատարը:

Պու Ասի շեշտեց նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` յարգելով երկրին կանոններն ու սահմանադրութիւնը, այլ խօսքով` բանալով խորհրդարանին դռները եւ հրաւիրելով նախագահական ընտրութեան:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քաթարի Մէջ. Սալամ. «Ղանեմի Հետ Հանդիպումը Լիբանանի Համար Կարեւոր Եւ Արդիւնաւէտ Է» Շեշտեց Ամին Սալամ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?