Մայրաքաղաք Պէյրութի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ երէկ տեղի ունեցան իրաւաբաններու սենտիքաներու ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքներուն հիման վրայ Ֆատի Մասրի ընտրուեցաւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ:
Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի անդամ ընտրուեցան նաեւ Լապիպ Հարֆուշ, Ապտօ Լահհուտ, Էլի Իքլիմոս, Իսքանտար Էլիաս, Ուաժիհ Մասաատ եւ Իսքանտար Նաժժար:
Հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ ընտրուեցաւ Սամի Հասան: Սենտիքայի անդամ ընտրուեցաւ նաեւ Իպրահիմ Հարֆուշը: