Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Խստիւ Մերժեց Ռայի Պատրիարքին Դէմ Ցեխարձակումները

Նոյեմբեր 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խստիւ մերժեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ ցեխարձակումներն ու զրպարտութիւնները, որոնք կը վերաբերին լիբանանցի տեղահանուածներուն նեցուկ կանգնելու անոր անկեղծ կոչին:

Պըրրի ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքին կոչը ազգային համախոհական պատգամ մըն է` լիբանանցի տեղահանուածներուն օժանդակելու եւ զօրակցելու առումով:

«Ռայի պատրիարքին կոչը առաւելագոյն չափով գնահատելի է, իսկ անոր հասցէին կատարուած ցեխարձակումները դատապարտելի են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ցեխարձակումներու այդ արշաւը հետեւանք է թիւրիմացութեան:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆարիտ Խազենը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս` քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու հարաւային Լիբանանի սահմանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական կարգ մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Խազեն նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նախագահական ընտրութեան հրատապ հարցը` աւելցնելով, որ ընտրութեան արձանագրած յապաղումը կը պատճառէ լուրջ հետեւանքներ եւ ազգային վնասներ, մանաւանդ Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն իրավիճակին պարագային:

Խազեն նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ բանակի հրամանատարութեան թղթածրարը` շեշտելով, որ ի՛նչ ալ ըլլան խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները, բանակը կը մնայ այն հաստատութիւնը, որ կը վայելէ բոլոր լիբանանցիներուն յանձնառութիւնը: «Բոլորս քաջ գիտենք, որ լիբանանեան բանակն է հայրենիքին դարպասները պաշտպանողը, հետեւաբար հաստատութիւնը պահող միակ միջոցը կամ ելքն է, որ կը մնայ իսկական նպատակը», շեշտեց ան:

Խազեն նկատել տուաւ նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն Ռայի պատրիարքին հասցէին կատարուած հերիւրանքներու հարցը` ընդգծելով, որ Պըրրի դատապարտած է զանոնք:

Խազեն շեշտեց, որ Պքերքէի եւ անոր հոգեւոր տիրոջ դէմ ցեխարձակումները համազօր են Լիբանանի եւ անոր միասնականութեան նախանձախնդիր իւրաքանչիւր արժանապատիւ լիբանանցիի դէմ ցեխարձակումներուն:

Խազեն նկատել տուաւ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած կարեւոր թղթածրարներէն մէկն է նաեւ կալուածներու պետական հաստատութեանց հարցը: «Լեռնալիբանանի եւ այլ շրջաններու մէջ այս հաստատութիւններուն մեծամասնութիւնը փակ է այս կամ այն պատասխանատուին կամ պաշտօնեային հասցէին դատական հարց յարուցուած ըլլալուն պատճառով: Այդ հարցերը պէտք է լուծուին դատարաններուն մէջ, սակայն այդ հաստատութիւններուն մէջ գործող պաշտօնեաներուն համար խիստ անարդար է այս իրավիճակը: Համբերութեան բաժակը յորդած է, եւ պէտք է վերջ տալ կալուածներու հաստատութիւններն ու անոնց պաշտօնեաները թիրախ դարձնելու այս ընթացքին», հաստատեց Խազեն:

Ան շեշտեց, որ այս հարցով երկուշաբթի օր հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ թղթածրարին արմատական լուծում մը գտնել:

 

 

 

Նախորդը

Միքաթի Ռիզայի Հետ Քննարկեց ՄԱԿ-ի Հաստատութիւններուն Հետ Կառավարութեան Համագործակցութիւնը

Յաջորդը

Մինչ Բանակի Հրամանատարութեան Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ, Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?