Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահեց վարչապետարանին մէջ գումարուած կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ հպարտութեամբ կրնայ յայտնել, որ ընթացիկ կառավարութիւնը կը շարունակէ ստանձնել երկրին պատասխանատուութիւնը, Լիբանանի պաշտպանութիւնն ու հաստատութիւններու աշխատանքներուն ամրապնդումը:
«Իսկ Կազայի մէջ շարունակուող աղէտներուն եւ արիւնահեղութեան զուգահեռ մենք մեր ձայնը կը բարձրացնենք եւ կը հաստատենք, որ արիւնն ու սպանութիւնը իրաւունքը չեն սպաններ», յայտնեց ան:
Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն Լիբանանը հեռու պահելու մահաբեր քանդումներէն եւ համագործակցելու` կասեցնելու համար հարաւային Լիբանանի դէմ ընթացող իսրայէլեան բռնարարքները:
Ան նկատել տուաւ, որ Արաբական վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վերոնշեալ պատգամը առկայ էր, եւ անոր նկատմամբ արաբ ղեկավարներն ու թագաւորները համակրանք ու համաձայնութիւն ցուցաբերած էին:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նշեց, որ Լիբանանի դէմ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրները զիրենք կը մղեն զգուշանալու վտանգներէն եւ աւելի լուրջ մտածելու ներքին լիբանանեան իրավիճակին մասին:
Միքաթի հաստատեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի աւելի հզօր Լիբանան մը կարելի ըլլայ կերտել: «Միջազգային դէմքերու եւ ղեկավարներու հետ հանդիպումներուս ընթացքին, բացայայտ դարձաւ, թէ բոլորը յանձնառու են Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի տայ այնպիսի որոշումներ, որոնք կը պաշտպանեն երկրին գերագոյն շահերը: «Հետեւաբար կառավարութիւնը պիտի չըլլայ այն «հրապարակ»-ը, որ կ՛օգտագործուի անձնական հաշիւներ մաքրելու` հանրային շահեր իրականացնելու փոխարէն», յայտնեց ան:
Կառավարութեան նիստէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ բանակի հրամանատարութեան թղթածրարը կարիքը ունի յաւելեալ խորհրդակցութեան, որպէսզի տրուելիք որոշումը մարտահրաւէրի համազօր չըլլայ:
Հալապի նշեց, որ ուղղուածութիւնը այն է, որ բանակը ունենայ իր հրամանատարը, իսկ կառավարութիւնը կը ջանայ խուսափիլ այդ պաշտօնին մէջ ստեղծուելիք դատարակութենէն, «հետեւաբար սահմանադրական իմաստով ո՛վ որ իրաւասութիւն ունի` խորհրդարան կամ կառավարութիւն, պիտի փորձէ առաջքը առնել բանակի հրամանատարութեան պաշտօնին պարագային դատարկութեան փուլի մը ստեղծման հաւանականութեան», ըսաւ ան:
Նշենք, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ «Լիպան փոսթ»-ի գործունէութեան պայմանագիրը երկարաձգուեցաւ ցնոր տնօրինում` աւելցնելով, որ ինք յուսախաբ եղած է այս որոշումով: Ան նշեց, որ «Սթար լինք»-ի հարցին քննարկումը յետաձգուած է կառավարութեան յաջորդ նիստին: