ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան գործընթացը խոչընդոտողները, իրենց ատելութեան, վրէժխնդրութեան եւ քինախնդրութեան վրայ հիմնուելով` չեն կրնար երկրին հաստատութիւններուն, գլխաւորաբար` լիբանանեան բանակին կայունութիւնը թիրախ դարձնել:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ անոր զօրակցութիւն յայտնեց: Շէյխ Ապի Մունա կոչ ուղղեց բոլորին համագործակցելու եւ իրենց ջանքերը մէկտեղելու` փրկելու համար հայրենիքը, որ պատերազմի սեմին կը գտնուի:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ իշխանութեան Ա. պաշտօնը լուրջի չառնելու քայլը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանեան ազգային կեանքին եւ երկրին միասնականութեան, ինչպէս նաեւ պետական մնացեալ հաստատութիւններուն դերակատարութեան վրայ:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազի Պաալպեքի մէջ մասնակցեցան Կազայի զօրակցական երթի մը: Այս առիթով Հաժ Հասան հաստատեց, որ Կազայի մէջ գործուող բոլոր սպանդներուն մեղսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ջարդերուն մասին արձանագրուող լռութիւնը դատապարտելի են: Իր կարգին, Հիժազի յայտնեց, որ Կազայի դէմ մղուած պատերազմը ձախողեցուցած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ծրագիրն ու «Դարու գործարք»-ը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ տակաւին ո՛չ կառավարութիւնը կազմող ուժերուն մօտ եւ ո՛չ ալ երեսփոխանական պլոքներուն մօտ յստակ կեցուածք կայ` բանակի հրամանատարութեան թղթածրարին առնչութեամբ: Աուն նշեց, որ այս թղթածրարը կը վերածուի մարտահրաւէրի մը` աւելցնելով, որ այդ մօտեցումը բանակի շահերուն չի ծառայեր: «Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա հեռաձայնային իր հաղորդակցութիւնները կատարեց` արգիլելու համար լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պարագային ստեղծուելիք բացը, եւ անոր թեքումը դէպի հրամանատարի պաշտօնավարութեան երկարաձգում էր», ըսաւ Աուն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ապրի պետական այրերու տագնապ մը` աւելցնելով, որ անիկա ամէնէն վտանգաւոր տագնապն է, որ հայրենիք մը կրնայ դիմագրաւել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը իսրայէլեան գոյացութեան պատմութեան մէջ վերածուած է աղաղակող պարտութեան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ոչ ոքի միտքն է` աւելցնելով, որ ներկայիս քաղաքական բոլոր ուժերը տագնապեցնող հիմնական հարցը լիբանանեան բանակի հրամանատարին նշանակումն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Պքերքէն եւ հոգեւոր բոլոր հեղինակութիւնները, որոնք գերագոյն հեղինակութիւններ են, շատ աւելի բարձր են, քան որեւէ չարիք: Ռիֆի հաստատեց, որ առանց ներքին ազգային համագործակցութիւնը յարգելու հայրենիք կարելի չէ ունենալ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ իրենց համար նախընտրելի է լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել, եթէ այդ թղթածրարին լուծումը կարելի չըլլայ խորհրդարանին մէջ: Ան հաստատեց, որ այս փուլին կարելի չէ բանակը ցնցումներու ենթարկել, այլ պէտք է պահպանել անոր կարողութիւնները` մէկդի դնելով անձնական հաշիւները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ամբողջ ուզածը լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունէն ձերբազատիլն է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ սիոնական գոյացութեան ցաւն ու աղաղակը հետեւանք են Լիբանանի Դիմադրութեան կողմէ անոր հասած ծանր հարուածներուն: Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան բանակը սպառած է, եւ Դիմադրութեան ուժերը իսրայէլացիներուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլան Կազայի համար առաջին յաղթանակ ապահովողն է, որովհետեւ ան Իսրայէլի դէմ սպառիչ, կարծր եւ հետեւողական պատերազմ կը մղէ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը բարոյական յուսալքումի ենթարկելը կը միտի քանդել լիբանանեան պետութեան վերջին հիմնասիւնը: