Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ արդարադատութեան մարզին մէջ գործակցութիւնը աշխուժացնելու, ինչպէս նաեւ ստորագրուած համաձայնագիրները գործադրելու հեռանկարները:


