Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը լիբանանեան պետութեան եւ կարգ մը դատաւորներու համար ամօթ է: Ան հարց տուաւ, որ արդեօք հանրապետութեան նախագահ, ղեկավարութիւն եւ ծրագիրներ մշակող կառավարութիւն, ինչպէս նաեւ պարկեշտ ու արդար դատական իշխանութիւն չունեցող երկիր մը կարելի՞ է պահպանել:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան կ՛ողջունէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին տուած որոշումը` Իսրայէլի դէմ, ինչպէս նաեւ կը գնահատէ բոլոր այն միջոցները, որոնք առնուեցաւ արգիլելու Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներուն դէմ գործուող հաւաքական ցեղասպանութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին անմիջական միջոցառումներ որդեգրելու` երաշխաւորելու համար ցեղասպանութեան կասեցման նպատակով որդեգրուած միջոցները, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց հիմնելու ազատ եւ անկախ պաղեստինեան պետութիւնը` մայրաքաղաք Երուսաղէմով, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ պահպանել ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ լեռնային շրջաններու ճամբաներուն վրայ տեղացած ձիւնը մաքրող կեդրոնները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը` շուրջօրեայ դրութեամբ:

ԱԶԳԱՅԻՆ հաւասարակշռութիւն համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին շարունակելու իր աշխատանքը` առանց հաշուի առնելու իր գործունէութիւնը խոչընդոտել փորձող կողմերը:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան Պրիթելի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան տագնապը քաղաքական տագնապ է եւ ոչ թէ սահմանադրական:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութիւնը վտանգուած է` աւելցնելով, որ ամէն ինչ որ կը կատարէ Լիբանանի խորհրդարանը ոչ սահմանադրական է, այնքան ատեն որ հանրապետութեան նախագահ չէ ընտրած:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ իր խօսքը ուղղելով թշնամի Իսրայէլին ըսաւ. «Չըլլայ որ սխալիս, որովհետեւ Լիբանանի մէջ գերեզմանները կը սպասեն քեզի»:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է դիմակայելու անվստահելի թշնամիի մը բոլոր բռնարարքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի հանդիպում մը ունեցաւ Ծոցի երկիրներու գործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպաններուն հետ: Այս առումով Պուխարի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան Ահմետ պըն Մոհամետ Սայիտին, Քաթարի դեսպան Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպանատան գործակատար Ապտալլա Շեհինը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ քաղաքական որեւէ քննարկում, որ ուղղակիօրէն կապուած է հարաւային Լիբանանի ճակատին, յետաձգուած է մինչեւ Կազայի պատերազմի կասեցումին յաջորդելիք ժամանակաշրջան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլ պարտութենէ բացի ոչինչ պիտի կարենայ ապահովել` պատերազմը շարունակելով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Կութիերես. «7 Հոկտեմբերի Յարձակումին Մեղսակից ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի 12 Պաշտօնեաներէն 9-ը Գործէ Արձակեցինք»

Յաջորդը

Ռայի. «Մեր Սիրտը Արիւն Կու Լայ Հարաւային Սահմանագիծի Բնակիչներուն Համար»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?