ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 14.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.525.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.565.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.515.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 929.000 լ. ոսկի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան այցելութեան առիթով նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Կը նախատեսուի, որ Հարիրի 14 փետրուար 2024-ին այցելէ Լիբանան` իր հօր սպանութեան 19-րդ տարելիցին առիթով: Սաատ Հարիրիի այցելութիւնը կրնայ տեւել 72 ժամ, որուն ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի եւ հաւատարիմ անձնաւորութիւններու հետ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն վերաբերող երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքարի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին դրական անդրադարձ ունենալու, ինչպէս նաեւ այս փուլին ընթացքին տեղեկատուութեան մարզին դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ տեղեկատուութեան մարզին համար մշակել արդիական օրէնքներ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա յայտնեց, որ սիոնական գոյացութիւնը պարզապէս իսրայէլեան զինուորական դիրք մըն է, որուն պարտականութիւնը բռնարարքներ գործելն է եւ լիբանանեան բազմազանութեան մշակոյթը սպաննելը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Սայտայի վերաբերող հարցեր: Մաուլաուի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Քամիլ Շամունի հետ: Քննարկուեցան Պաապտայի վերաբերող ծառայութիւններու եւ բարգաւաճման հարցեր:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ իբրեւ քաղաքացի, երեսփոխան եւ նախկին լրագրող կը փափաքի հետեւեալ խօսքը ուղղել քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ խորհրդարանական բոլոր պլոքներուն. «Պատրիարքէն հեռու մնացէ՛ք»:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողքին կը կանգնին` մահուան մշակոյթին դէմ: Ան հաստատեց, որ իրաւունքի ձայնը պիտի մնայ լսելի, իսկ անկախները իրենց տեսակէտը պիտի չփոխեն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց, որ եթէ թշնամին փափաքի Լիբանան մուտք գործել, ապա պիտի տեսնէ դիմադրող մեր ժողովուրդը, որպէսզի անոր համտեսել տայ պարտութեան լեղիութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ Կազայի պատերազմը չընդարձակելու եւ Լիբանանը անոր մէջ չներքաշելու միջազգային յանձնառութիւն գոյութիւն ունի:


