Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Միքաթիին Ներկայացուց Նիւ Եորքի Ժողովներուն Արդիւնքները

January 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որ Միքաթիին ներկայացուց Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մակարդակով գումարուած ժողովներուն արդիւնքները:

Պու Հապիպ Միքաթիին ներկայացուց, թէ Լիբանան ի՛նչ կեցուածքներ արտայայտած է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ կացութեան վերաբերող Ապահովութեան խորհուրդի ժողովներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի եւ այլ պետական անձնաւորութիւններու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներուն:

Հանդիպումին ընթացքին Պու Հապիպ շեշտեց հետեւեալը. «Լիբանան ներկաներուն յայտնեց, որ կայ պատմական առիթ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու, որովհետեւ Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր, օր մը չէ փափաքած պատերազմ սանձազերծել, ինչպէս նաեւ հիմա չի փափաքիր պատերազմ սկսիլ»:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու իրականութիւնը Լիբանան կարելի կը գտնէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեամբ` ստանալով յստակ եւ յայտարարուած միջազգային երաշխիքներ:

Պու Հապիպ–Ճոնսըն Հանդիպում

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:

Պու Հապիպ նշեց, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու որոշումը պատմական սխալ մըն է, որ գործուած է` աւելցնելով, որ անիկա շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ եւ նուիրատու երկիրներուն ապահովութեան սպառնալիք կը նկատուի:

Նշենք, որ Պու Հապիպ «Սքայ նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը` երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագծում կատարելէ ետք:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Կազայի մէջ հաստատուելիք զինադուլը ի վերջոյ պիտի յանգի Լիբանանի կացութիւնը հանդարտեցնելու, «այլապէս` հարաւային Լիբանանի բախումները դադրեցնելը դժուար պիտի ըլլայ», յայտնեց ան:

Պու Հապիպ պահանջեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրել եւ Իսրայէլի հետ սահմանագծում կատարել: «Իսրայէլէն կը պահանջենք նահանջել Մազարեհ Շեպաայէն եւ Քֆարշուպայէն, որոնք հարաւային Լիբանանին կը պատկանին», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանան թիւ 1701 բանաձեւը պիտի գործադրէ, երբ Իսրայէլ յանձնառու մնայ այդ բանաձեւին գործադրութեան: Ան շեշտեց, որ Լիբանան անուղղակի բանակցութիւններ կը պահանջէ` լուծելու համար այն կէտերը, որոնց շուրջ տարակարծութիւն ըլլայ:

 

Նախորդը

Դիմադրութիւնը Առաջին Անգամ Ըլլալով «Ֆալաք 1» Եւ Այլ Տիպի Հրթիռներով Ռմբակոծեց Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերը

Յաջորդը

«Հայաստանը Պէտք Է Կարենայ Պաշտպանել Իր Գերիշխանութիւնն Ու Իր Բնակչութիւնը» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.