Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Պետական Եւ Սեփական Մարզերու Պաշտօնէութեան Աշխատավարձերը Պէտք Է Սրբագրել» Շեշտեց Պշարա Ասմար

January 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի:

Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանին ներկայացուցած են լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած ապրուստի եւ առողջական ճնշող տագնապին մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ այդ տագնապը եղած է անլուծելի:

Ասմար դիտել տուաւ նաեւ, որ միւֆթի Տըրիանին ներկայացուցած են նաեւ համադաշնակցութեան ի գործ դրած ջանքերը պետական եւ սեփական մարզերու պաշտօնէութեան աշխատավարձերը սրբագրելու, հատուցումները վերարժեւորելու, ինչպէս նաեւ ընկերային պաշտպանութեան եւ հանգստեան կոչուելու օրէնքը գործադրելու առումով:

Ասմար հաստատեց, որ պետական եւ սեփական մարզերու պաշտօնէութեան աշխատավարձերը պէտք է սրբագրել` հաստատելով նաեւ նոր նուազագոյն աշխատավարձ ճշդելու անհրաժեշտութիւնը:

«Պէտք է դրական վարուիլ եւ ընդունիլ, որ ճնշում պիտի բանեցուի պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձը բարձրացնելու, սակայն անկարելի է, որ միայն անիկա կատարուի, եւ սեփական մարզի պաշտօնէութիւնը պարզապէս դիտէ այդ բարձրացումը», ըսաւ ան:

Ասմար շեշտեց, որ սեփական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձի բարձրացումը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին վրայ:

Պատասխանելով փոխադրածախսի մասին հարցումի մը` Ասմար ըսաւ. «Այդ հարցը վերջին նիստին արծարծուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ օրական դրութեամբ 450 հազար լ. ոսկիի գումարը»:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Դիմադրութիւնը Առաջին Անգամ Ըլլալով «Ֆալաք 1» Եւ Այլ Տիպի Հրթիռներով Ռմբակոծեց Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.