Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` «Վիրաւորի օր»-ուան առիթով:
Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այս օրը նուիրուած է Դիմադրութեան վիրաւորներուն, որոնք զոհողութիւններ կատարած Հըզպալլայի ամէնէն թանկագին շերտը կը նկատուին:
Ան աւելցուց, որ երկրորդ առիթը կը վերաբերի Դիմադրութեան բոլոր այն մարտիկներուն, որոնք գերեվարուած են եւ թշնամիին բանտերուն մէջ տառապած:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութեան զոհողութիւններուն շնորհիւ գրեթէ բոլոր գերիները ազատ արձակուած են, բացի քանի մը պարագայէ, որոնց հարցը տակաւին կը մնայ անլոյծ, եւ անոնց մաս կը կազմէ նաեւ Եհիա Սքաֆ:
Սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց նաեւ Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութեան արձանագրած յաղթանակի տօնը` աւելցնելով, որ իրենք Դիմադրութեան առանցքին վայելած զօրութիւնը կը պարտին իրանեան յեղափոխութեան օրհնութեան:
«Վիրաւորի օրուան առիթով կը հաստատեմ, որ վիրաւորներուն եւ գերեվարուածներուն
պատասխանատուութիւնն է պահպանել արձանագրուած նուաճումները: Վիրաւորներն ու գերեվարուած անդամները առաջիններն են, որոնք կը պահպանեն այդ նուաճումները, որովհետեւ անոնք մաս կազմած են Դիմադրութեան, եւ այդ նուաճումները իրենց գոյութեան եւ արժանապատուութեան արդիւնքներն են», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Կազայի իրադարձութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Կազա 130 օրերէ ի վեր առասպելական գոյատեւում կը ցուցաբերէ, ինչպէս նաեւ համբերութիւն, որուն նմանը չկայ պատմութեան մէջ: «Իսկ Իսրայէլ 130 օրուան պարտութեան եւ նպատակները չկարենալ իրագործելու պատմութիւն մըն է, որ կ՛ապրի», յայտնեց ան:
Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց նախորդ 129 օրերուն ընթացքին Դիմադրութեան նահատակներն ու վիրաւորները, որոնք ինկան ու վէրքեր ստացան պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութեան ի խնդիր:
«Լիբանանեան ճակատին վրայ Դիմադրութեան կատարածը ազգային պատասխանատուութիւն է: Այդ ճակատին վրայ Դիմադրութիւնը համահունչ է իր մարդկային եւ բարոյական արժէքներուն հետ, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ օրինական պատասխանատուութեան հետ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ շրջանին մէջ հզօր Իսրայէլի մը գոյութիւնը վտանգ է: «Կազայի մէջ պատահած զարգացումներուն առընթեր շրջանի երկիրներուն ազգային շահերը կ՛ենթադրեն, որ Իսրայէլ պարտուած դուրս գայ այդ տագնապէն: Այս պատերազմին Իսրայէլի յաղթական դուրս գալը շրջանի երկիրներուն, մասնաւորաբար` Լիբանանի համար վտանգաւոր է: Լիբանան-Իսրայէլ ճակատի ստեղծումը պատճառ դարձաւ ազգային շահերը ապահովելու եւ Իսրայէլը պարտութեան մղելու, սակայն հարցը այն է, որ ոմանք լիբանանեան ճակատին վրայ պատահածը ապարդիւն կը նկատեն, եւ ատիկա ողբերգական է», ընդգծեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կանխատրամադրուած են, եւ ինչքան ալ յաղթանակներ եւ նուաճումներ արձանագրուին, զանոնք վերացական նուաճումներ կը կոչեն:
Ան շեշտեց, որ այն ուժերը, որոնք կը ներկայանան «միջազգային օրէնքը մեզի կը պաշտպանէ» թեզով եւ կը վիճին Դիմադրութեան գոյութեան շուրջ, անյոյս են, «իսկ այդ բանավէճը պէտք է համայնքային տագնապի վերածուի», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կ՛ապրին լիբանանեան բոլոր համայնքները, եւ սահմանամերձ գիւղաքաղաքները կը դիմադրեն թշնամիին եւ պէտք է յարգել անոնց կամքը, իսկ քանդուած բոլոր բնակարանները պիտի վերակառուցուին` նախկինէն աւելի լաւ չափանիշներով:
Ան նկատել տուաւ, որ սիոնական գոյացութիւնը հազար հաշիւ կը կատարէ Լիբանանի դէմ զինուորական գործողութիւն կատարելու առումով` Դիմադրութեան պատճառով, իսկ աշխարհը դէպի Լիբանան պատուիրակներ կը ղրկէ լիբանանեան ճակատին զարգացումները քննարկելու վերաբերեալ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ պատուիրակներուն միակ նպատակը Իսրայէլի պաշտպանութիւնն է եւ իսրայէլացիները հիւսիսային Իսրայէլի բնակեցման վայր վերադարձնելը: «Այդ պատուիրակները Կազայի մասին բան չեն ըսեր, եւ կը շեշտենք, որ լիբանանեան ճակատը պիտի չդադրի` նախքան Կազայի դէմ պատերազմի կասեցումը», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին վրայ յաւելեալ նախապայմաններ աւելցնելու եւ ոչ թէ այդ բանաձեւի գործադրութիւնը յայտարարելու: Թշնամի Իսրայէլ նախապայման պարտադրելու վիճակին մէջ չէ, այլ` պարտուած եւ փորձանքի մատնուած վիճակի մատնուած է, եւ ոչ թէ Լիբանանը: «Լիբանանը պարտուած վիճակի մէջ չէ, որ նման բան պարտադրուի իր վրայ, այլ հզօր է եւ նախապայման պարտադրելու վիճակին մէջ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն վերջ տալու բջիջային հեռաձայններուն եւ համացանցին կապուած տեսախցիկներուն գործածութեան` շեշտելով, որ անոնք են իսկական «գործակալ»-ները: «Այդ գործիքներուն գոյութեան պարագային Իսրայէլ գործակալներու կարիք չունի», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ երբ Կազայի մէջ պատերազմը կասեցուի, հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ ալ բախումները կը դադրին: Իսկ եթէ Իսրայէլ վերսկսի հարաւային Լիբանանը թիրախ դարձնել, ապա Դիմադրութիւնը կը վերսկսի իր համապատասխան գործողութիւններուն: «Մեր պատասխանատուութիւնն է արգիլել Լիբանանի դէմ Իսրայէլի յարձակումը կամ պատերազմի սանձազերծումը», եզրափակեց ան: