Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի-Հոքշթայն Հանդիպում` Միւնիխի Մէջ

February 17, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Միւնիխի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Միքաթի եւ Պու Հապիպ Միւնիխի մէջ կը մասնակցին ապահովութեան տարեկան խորհրդաժողովին:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայնի հետ եւ անոր ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական մագլցումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Միքաթի եւ Հոքշթայն ընդգծեցին դիւանագիտական լուծման յանգելու կարեւորութիւնը:

Խորհրդաժողովին ընթացքին Միքաթի վերահաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու  է ՄԱԿ-ի բոլոր որոշումներուն գործադրութեան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պէտք է գործադրէ այդ բանաձեւերը` վերջ տալով հարաւային Լիբանանի դէմ գործած իր ռմբակոծումներուն եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործած ոտնձգութիւններուն:

«Մինչ Լիբանան կ՛ընդգծէ շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլոր կողմերուն վերջ տալու մագլցումներուն, Իսրայէլ կը շարունակէ իր գործած բռնարարքները: Տակաւին երկու օր առաջ Իսրայէլ թիրախ դարձուց 7 հոգիէ բաղկացած ընտանիք մը, ներառեալ երեխաներ ու կիներ: Երեխաները, կիներն ու տարեցները թիրախ դարձնելը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր կը նկատուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շրջանի տագնապին կարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ միայն պաղեստինեան եւ իսրայէլեան զոյգ պետութիւններու հիմնումով:

Միքաթի կոչ ուղղեց յարգելու մարդկային անվտանգութեան միջազգային օրէնքը եւ պահանջեց քաղաքայիններուն ու մարդասիրական աշխատանք կատարողներուն պաշտպանութիւնը երաշխաւորել:

Միքաթի կոչ ուղղեց միջազգային կառոյցներուն` զօրակցելու խաղաղութեան հիմնումին եւ օժանդակելու տագնապներուն լուծման ու քաղաքայիններուն պաշտպանութեան:

Լիբանան Բողոքեց
Ապահովութեան Խորհուրդին Մօտ

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ, ընդառաջելով Միքաթիի յանձնարարութիւններուն, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչէն պահանջեց Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոք մը ներկայացնել` 14 փետրուարին Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած ռմբակոծումներուն եւ սպանութիւններուն դէմ:

Բողոքին մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը 14 փետրուարին Նապաթիէի մէջ ռմբակոծած է քաղաքայիններով բնակուած շէնք մը եւ սպաննած 10 քաղաքայիններ:

Բողոքին մէջ նշուեցաւ, որ այս բռնարարքը լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն, մասնաւորաբար` թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է:

«Իսրայէլի գործած այս բռնարարքը մտահոգիչ է, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան դիւանագիտական ճիգեր կը հետապնդէ` հանդարտեցնելու համար կացութիւնը եւ կասեցնելու համար պատերազմը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ հաստատելու համար մնայուն կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը», կը նշէ բողոքագիրը:

Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց դատապարտել Իսրայէլը` լիբանանցի քաղաքայինները թիրախ դարձնելու պատճառով, ինչպէս նաեւ պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` կասեցնելու համար Լիբանանի դէմ իր յարձակումներն ու ռմբակոծումները, որպէսզի ամբողջ շրջանը քանդիչ պատերազմի մը մէջ չներքաշուի»:

 

 

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Սաատ Հարիրի Այցելեց Պըրրիի

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.