Հակառակ այն իրողութեան, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսա գրաւոր առաջարկ մը ներկայացուցած է Լիբանանին` Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինեալ բախումներուն վերջ տալու իմաստով:
Ֆրանսական առաջարկը ուղղուած է Հըզպալլային, որմէ կը պահանջէ իր մարտիկները սահմանագիծէն 10 քմ հեռացնել` Իսրայէլի հետ բախումներուն վերջ տալու նպատակով:
Ռոյթըրզի համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ այդ առաջարկը ներկայացուցած է լիբանանեան պետութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն, որոնց մէջ կը գտնուի նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի:
Նշենք, որ Հըզպալլա կը մերժէ պաշտօնական բանակցութիւններու սկսիլ` նախքան Կազայի դէմ պատերազմի կասեցումը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա «Ռոյթըրզ»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի հետ կապ ունեցող որեւէ հարց քննարկելի չէ Հըզպալլայի համար` նախքան Կազայի դէմ պատերազմի կասեցումը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Պլիտա, Թէյր Հարֆա, Ալմա Շաապ, Տհայրա, Թալլուսա, Մերժահիուն, Ռամիա, Ժըպպայն, Շիհին, Մէյս էլ Ժապալ, Այթարուն, Եարուն եւ Եարին շրջանները, իսկ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Հասպայայի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ:
Նշենք, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ յայտնեց, թէ իր ոստիկաններէն Հ. Ս. վիրաւորուած է Հուլայի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով եւ փոխադրուած Թըպնինի պետական հիւանդանոց:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Զըպտին դիրքն ու Պըրքեթ Ռիշա դիրքին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Դիմադրութեան մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Հաունին եւ Հատպ Եարին դիրքերն ու հոն գտնուող լրտեսական բոլոր սարքերը:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Հիւսէյն Ժամիլ Հարիսի եւ Հասան Ահմետ Թըրմոս միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


