Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Կազայի պատերազմին արձանագրած զարգացումներն ու Լիբանանի վրայ ձգած անոր հետեւանքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի քաղաքական տագնապի, մասնաւորաբար` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող ֆրանսական նախաձեռնութիւնները:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Քարիթասի հիմնադրութեան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին:
Այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ պատերազմը այլ պատերազմներ ու քանդում կը պատճառէ եւ քաղաքացիները անպատսպար կը դարձնէ: «Աստուած մեզի սորվեցուցած է ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման սկզբունքը փոխարինել սիրոյ սկզբունքին հետ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ հերոսութիւնը պատերազմ շղթայազերծելուն մէջ չէ, այլ` միտքով այդ պատերազմէն խուսափելու եւ խաղաղութիւն կերտելու մէջ է:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կարելի չէ պետութեան կեանքը քանդող անվստահելիութեան եւ իրարմէ հեռանալու վիճակով շարունակել:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն Լիբանանի ազգային միասնականութեան նպատակին իրագործման համար տարբեր միջոցներ որդեգրելու եւ իբրեւ վերջնական հայրենիք Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութիւն յայտնելու: