ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին ընդմէջէն տուաւ հետեւեալ հարցը. «Ինչպէ՞ս կարելի է հիմնել երկիր մը, որուն բանակը տկարացնելու մնայուն աշխատանք կայ եւ որուն պետութեան որոշումը գրաւուած է, ու այդ երկրին ու քաղաքացիներուն վրայ պատերազմ կը պարտադրուի»:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան ընդունեց Լիբանանի մէջ մարդասիրական հարցերու ՄԱԿ-ի համակարգող Օմրան Ռիզան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հասան ընդգծեց միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ Լիբանանի, անոր ժողովուրդին եւ երկրագործներուն կողքին կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի հետ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ Դիմադրութեան առանցքին ենթակայ չէ: Իր կարգին, Մուսա յայտնեց, որ միայն երկխօսութեամբ կարելի է համաձայնութիւններու յանգիլ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլ անելի մատնուած է եւ Դիմադրութեան յաղթանակը մօտալուտ է:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը իր զինուորական գործողութիւնները պիտի շարունակէ` աւելցնելով, որ անոնք Կազային յաղթանակ ապահովող գործողութիւններ են եւ պիտի շարունակուին, այնքան ատեն որ Իսրայէլ Կազայի դէմ իր բռնարարքները չի դադրեցներ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուեժա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեամբ առաջադրուած երկխօսութիւնը ոչ մէկ թեկնածու կանխաւ կը հասցնէ հանրապետութեան նախագահութեան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Լիբանան կարող է ոտքի կանգնիլ անձնական նախաձեռնութիւններով` աւելցնելով, որ երկիրը քաղաքական յանդուգն որոշումի կարիք ունի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին հայրենիքն ու մարդը ազատագրել` աւելցնելով, որ այդ պարագային է, որ անկախ եւ իսրայէլեան գոյութենէ զերծ Միջին Արեւելք մը կարելի պիտի ըլլայ ունենալ: