ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 21.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 21.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը փոփոխութիւն չէ կրած: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1.668.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.706.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.441.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին սակը մնաց նոյնը` 831.000 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ժորժ Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ քաղաքապետութեանց հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը: Սլիմ ընդունեց նաեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանը Կազային հետ կապելը սխալ է` աւելցնելով, որ աւելի մեծ սխալը այն է, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ուղղակիօրէն կապուած է այդ տագնապին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումը յուշագիր մը յղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին գումարելու օրէնսդրական նիստ մը` վաւերացնելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերեալ համախմբումին ներկայացուցած օրինագիծերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի շարունակեց ցաւակցութիւններ ընդունիլ` Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի մահուան առիթով: Լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւակցութիւն յայտնեցին Ամանիի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու իմաստով ցարդ ցուցանիշներ չկան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շարունակեց Քաթար կատարած իր այցելութիւնը, որուն ընթացքին քաթարեան «Շարք» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ զգուշացուց Լիբանանը առանց հանրապետութեան նախագահի պահելէ: Ժոմպլաթ մտահոգութիւն յայտնեց շրջանային իմաստով արձանագրուելիք զարգացումներուն հետեւանքներէն` Լիբանանի վրայ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն համախոհութիւն գոյացնելու եւ նախագահական ընտրութիւնը կայացնելու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Կազայի պատերազմը, սուրիացի տեղահանուածներուն հարցն ու տնտեսական տագնապը լուրջ հարցեր են եւ անոնց պատճառը եւրոպական երկիրներն ու Միացեալ Նահանգներն են: