Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Տոհայի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց, որ Թաէֆի եւ Տոհայի համաձայնութիւնները կարեւոր են` աւելցնելով, որ ապակեդրոնացեալ դրութեան պարագային զանոնք բարելաւելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ինք ապակեդրոնացեալ դրութեան զօրակցողներէն է, սակայն կը մերժէ դաշնակցային դրութիւնն ու Լիբանանի մասնատումը:
Անդրադառնալով Կազայի դէմ պատերազմին` Ժոմպլաթ հաստատեց, որ այդ պատերազմի սկիզբն է տակաւին` շեշտելով, որ անիկա պիտի շարունակուի:
Իսկ նախագահական ընտրութեան պարագային, Ժոմպլաթ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութեան եւ երկխօսութեան ճամբով համախոհութեան յանգիլը կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահը, ով որ ալ ըլլայ ան: