Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Ֆայեատի Հետ Քննարկեց Նաւթի Մարզի Տնօրինման Եւ Ելեկտրականութեան Վերաբերող Հարցեր

May 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց երկու նիստերու, որոնք կը վերաբերէին նաւթի մարզի տնօրինման եւ ելեկտրականութեան ընկերութեան աշխատանքին:

Զոյգ նիստերուն ներկայ գտնուեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, որ յայտնեց, թէ նիստերուն ընթացքին անհրաժեշտ նկատուած է ելեկտրական հոսանքի մատակարարման ժամերը աւելցնելը, ինչպէս նաեւ քննարկուած է նուազուրդի միջոցով լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ելեկտրակայաններ հիմնելու կարեւորութիւնը:

Ելեկտրական հոսանքի մատակարարման շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ նաեւ պետական մարզին կողմէ ելեկտրական հոսանքի ծառայութեան համար վճարումները կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նշենք, որ Միքաթի նախանցեալ օր ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց ներքին գործոց նախարարութեան ձեռնարկած քայլերը` ապահովական կայունութիւնը պահպանելու մասին:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի հետ: Քննարկուեցաւ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Ֆայսալ Քարամէ ու Պիլալ Հշայմի եւ Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Իլ Փարք:

Միւս կողմէ, Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պու Սայիտէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ միացեալ գործակցութեան կարեւորութիւնը` պահպանելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

Նախորդը

Մքերի Յունաստանի Մէջ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Կազայի Դէմ Պատերազմի Սկիզբն Է Տակաւին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.