Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2024-ի ապրիլ ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 1,74 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2024-ի մարտ ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութի մէջ` 1,49 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանանի մէջ` 1,56 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 2,57 առ հարիւր:
– Պեքաայի մէջ` 1,11 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանանի մէջ` 2,47 առ հարիւր:
– Նապաթիէի մէջ` 1,55 առ հարիւր: