Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի մահուան առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանցեալ օր Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի հետ:
Պըրրիի կողքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ, Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան, Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտան եւ խորհրդարանի տեղեկատուութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ալի Տիապ:
Պըրրի բարձր գնահատեց Ռայիսիի յատկանիշները իբրեւ մարդ եւ հանրապետութեան նախագահ` ընդգծելով, որ ինք եկած է լիբանանցիներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնելու:
Սէյիտ Խամենէի շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, որ ցաւակցեցաւ Իրանի հետ, ինչպէս նաեւ պետական սուգ յայտարարեց Ռայիսիի եւ անոր ընկերակիցներուն մահուան առիթով:
Նշենք, որ Պըրրի Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի, ինչպէս նաեւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ:
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկխօսութիւնը միակ եւ պարտադիր անցքն է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու: Ան շեշտեց, որ այդ երկխօսութեան հրաւէրները պիտի յղուին խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութեան կողմէ, սակայն երբ այդ երկխօսութիւնը կայանայ` բնականաբար ինք պիտի ըլլայ զայն նախագահողը:


