ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հրապարակած հրամանագիրին համաձայն, Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով շաբաթ, 25 մայիս 2024-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները, ինչպէս նաեւ դպրոցներն ու համալսարանները կը մնան փակ, իսկ երկուշաբթի, 27 մայիս 2024-ին Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ դասապահ մը կը տրամադրուի բացատրելու եւ շեշտելու համար այդ տօնին կարեւորութիւնը:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին լիբանանեան խորհրդարանին յանձնարարականը երկրին կառավարութեան ձեռքին զէնք է` միջազգային հասարակութեան դիմաց:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց երեսփոխան Մարուան Համատէն, որ զօրակցութիւն յայտնեց Ժեմայէլին` կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին դէմ կրակոցի դէպքին լոյսին տակ: Համատէ հաստատեց, որ ինք կը բաժնէ Սամի Ժեմայէլի կեցուածքները: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ ընկերային ցանցերուն մէջ կատարած գրառումի մը ընդմէջէն հարց տուաւ, թէ Լիբանանի հիւսիսէն մինչեւ անոր հարաւը շրջագայութեան մէջ եղող զէնքն ու զինամթերքը որո՞ւն կը պատկանին եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր եւ կուսակցութեան փոխնախագահ Նաժի Հայեք, Ճօ Պու Նասիֆ եւ Ռամի Մենեմ, այցելեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Էնտրիւ Պառնզի, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերն ու երկկողմանի գործակցութիւնը: Հանդիպումը նկատուեցաւ դրական եւ արդիւնաւէտ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը պէտք է անուանէ նախագահական ընտրութիւնը արգելակող կողմերը եւ պատժամիջոցներ որդեգրէ անոնց դէմ, ինչպէս նախապէս յայտարարած էր: Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով Քարամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարութենէն կը պահանջուի դադրեցնել կատարուած օժանդակութիւնները եւ տեղահանուածներու տունդարձի արագ ծրագիր մը մշակել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ պահանջուածը սէուտական-սուրիական-եգիպտական եռակողմ համաձայնութեան վերստեղծումն է` նկատի ունենալով, որ այդ է արաբական ապահովութեան ու անվտանգութեան երաշխիքը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ դեսպաններ Ճերի Տուլիզլն ու Մարիք Վարկան, որոնց հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու անոր հետեւանքները լուծելու կարելիութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ քաղդէացիներու հոգեւոր առաջնորդ Միշել Գասարճի եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր: