Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանց. «Լիբանանի Հետ Հիւսիսային Սահմանին Շուրջ Համաձայնութեան Հասնելու Ժամանակը Կը Սպառի»

June 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Պենի Կանց Միացեալ Նահանգներու նախագահի Լիբանանի հարցով յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմանին շուրջ համաձայնութեան հասնելու ժամանակը կը սպառի»:

Կանց յայտնեց, որ պիտի զօրակցի «(Իսրայէլի) ներկայ կառավարութենէն դուրս հիւսիսային ճակատին վերաբերեալ որեւէ ազդու քայլի»` վստահեցնելով, որ յանձնառու է հիւսիսային սահմաններուն վրայ Հըզպալլային իսրայէլացի բնակիչներուն դէմ ներկայացուցած սպառնալիքը վերացնելուն:

Ան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին հիւսիսային շրջաններու բնակեցման վայրերուն վերաբերեալ ուժեղ պատգամ մը յղեց` նշելով. «Իսրայէլ պէտք է որոշում տայ: Կացութիւնը չի կրնար տարի մը եւս այսպէս շարունակուիլ: Հիւսիսի բնակիչները պէտք են մինչեւ 1 սեպտեմբեր իրենց տուները վերադառնան կա՛մ համաձայնութեամբ, կա՛մ ալ մագլցումով»:

Անոր կարծիքով` Իսրայէլի անվտանգութիւնը կը պահանջէ, որ հասարակութեան բոլոր մասերէն յաւելեալ զինուորներ զինուորագրուին:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Հոքշթայն Իսրայէլի մէջ ըսած է. «Հըզպալլայի հետ իսրայէլեան պատերազմ մը կրնայ յանգեցնել իրանեան յարձակումի մը, որ Իսրայէլ չկարենալ ետ մղել»:

Իսրայէլի պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն, Իսրայէլ Հոքշթայնին յայտնած է, որ Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւնները իրենց աւարտին մօտ են, եւ այդ գործողութիւններուն աւարտը պիտի ազդէ շրջանին եւ Լիբանանի ճակատին վրայ:

Իսրայէլացի զինուորական պաշտօնատար մը երէկ յայտարարեց. «Յաջողեցանք Հըզպալլայի` Գալիլիոյ մէջ ընդարձակ տարածքներ ներխուժման վտանգը հեռացնել»: Ան աւելցուց. «Սահմանին վրայ Հըզպալլայի զինուորական կարողականութիւնը համեստ է եւ 7 հոկտեմբերէն առաջուան պէս չէ»:

«Հըզպալլայի մէջ պատասխանատուներու ահաբեկումը անոր շփոթ եւ ուղղակի վնաս կը պատճառեն», նշեց իսրայէլացի պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Հըզպալլան ստիպուեցաւ իր ուժերը լիբանանեան հողերէն 8 քիլոմեթր ներս քաշել»:

«Հիւսիսային ճակատին վրայ ճակատումը յաճախ պաշտպանողական է», նշեց ան:

«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ Էյմըս Հոքշթայն Իսրայէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` ներկայութեամբ Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ցախի Հանեկպիի, ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերի եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Ցախի Պրասերմանի: Հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ եւ Հոքշթայն ունեցած են «երկարատեւ դէմ առ դէմ» հանդիպում մը, որմէ ետք հանդիպումը շարունակուած է պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Ըստ յայտարարութեան, Կալանթ Հոքշթայնին զեկուցած է Լիբանանի հետ սահմանին վրայ արձանագրուած զարգացումներուն մասին, եւ անոնք «երկարատեւ կերպով քննարկած են ապահովական կացութիւնն ու շրջանին վրայ անոր ազդեցութիւնը»:

Նախքան այդ, Հոքշթայն հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի հետ: Իսրայէլի նախագահի գրասենեակին համաձայն, անոնք քննարկած են «հիւսիսային սահմանին վրայ անվտանգութիւնը վերականգնելու եւ բնակիչները իրենց տուները վերադարձնելու շտապ կարիքը»:

Ասիկա 7 հոկտեմբերէն ի վեր Հոքշթայնի 4-րդ այցելութիւնն էր Իսրայէլ:

 

Նախորդը

Հըզպալլան Իսրայէլի Մէջ Զինուորական Դիրքեր Եւ Կարեւոր Ենթակառոյցներ Ցուցադրող Տեսերիզ Հրապարակեց

Յաջորդը

Սպիտակ Տուն. «Լիբանանի Ճակատին Վրայ Մագլցում Չենք Ուզեր»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.