Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի իր իրաքցի պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Իրանն ու Իրաքը շրջանին մէջ հիմնական սիւներ են եւ այդտեղ անվտանգութիւնը ամրապնդելու պարտաւորութիւններ ունին»:
«Այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, պատերազմական ոճիր է, եւ պէտք է այդտեղ կատարուող ցեղասպանութեան դէմ կանգնինք», ըսաւ Քանի:
«Իսլամական պետութիւնները պէտք է իրենց ներուժը օգտագործեն Կազայի մէջ սիոնական ոճիրները դադրեցնելու, եւ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնը պէտք է առանց նախապայմանի դադրի», յայտնեց ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատարը նաեւ նշեց. «Սիոնականները Կազայի մէջ իրենց ձախողութեան պատճառով կրնան սխալ մը եւս գործել եւ ընդլայնել իրենց յարձակումներուն ծիրը: Ամերիկացիները պէտք է դադրեցնեն Իսրայէլի զինամատակարարումով աջակցութիւնը»:


