Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը յայտնեց. «Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը պէտք է հիւսիսի մէջ Հըզպալլայի վերաբերեալ յստակ որոշում որդեգրէ»:
Ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «Մաարիւ» օրաթերթի զինուորական հարցերու մեկնաբան Աւի Աշքենազի, անդրադառնալով բռնագրաւեալ Պաղեստինի հիւսիսին մէջ պատերազմի մէջ մտնելու կարելիութեան, յայտնած է. «Իսրայէլեան կառավարութիւնը պէտք է յստակ որոշում որդեգրէ, որ Հըզպալլայի դէմ կը կռուի՞ եւ լիբանանեան հողերուն մէջ որքա՞ն խորութեամբ կուսակցութեան հետ կը կռուի»:
«Հըզպալլային հետ վարուելու եւ զայն թիրախաւորելու շարք մը ուղիներ կան», ըսաւ Աշքենազի` կոչ ուղղելով. «իրողապէս ջլատել ու անոր զինուորական ուժը, մեկնելով անկէ, որ մինչեւ հիմա այդ ուժի ջլատումը չկատարուեցաւ»:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներ զգուշացուցին Իսրայէլը, թէ Լիբանանի մէջ զինուորական որեւէ քայլ կրնայ վերահսկողութենէ դուրս գալ»:


