Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Իսրայէլի Կողմէ Հարաւային Լիբանանի Բնակիչները Սպաննելը Ահաբեկչական Յարձակում Է, Եւ Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Վերջ Տայ Այդ Ոճիրինց»

June 15, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան երէկուան նիստին սկիզբը իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակումը, անոր բնակչութեան դիտաւորեալ սպանութիւնը, գիւղերու քանդումն ու ցանքերու հրկիզումը մեր կողմէ միայն դատապարտելի չէ, այլեւ բացայայտ քանդման ու ահաբեկչական յարձակում մըն է, որուն շարունակման ու ոճիրին միջազգային ընտանիքը պէտք է վերջ տայ: Մեր կարգին պիտի դիմենք առնչակից միջազգային հեղինակութիւններուն, եւ կը վերահաստատենք թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան մեր յանձնառութիւնը»:

«Կը գնահատենք բարեկամ երկիրներու եւ մեծ տէրութիւններու իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու համար թափած ջանքը, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2732 որոշումը, որ Կազայի մէջ կռիւի դադրեցման ճամբու քարտէս կը ճշդէ: Կը մաղթենք, որ այս որոշումը շտապ կերպով կը գործադրուի` շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմը կանխարգիլելու համար»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը անդրադառնալով ներքին քաղաքականութեան ըսաւ. «Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան վերջին նիստէն մէկ տարի անցաւ, եւ տակաւին «երկխօսութեան բնոյթին ու ձեւերուն» շուրջ քննարկում կը կատարենք, սակայն գրեթէ միաձայնութիւն կայ, որ երկխօսութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն կայունութեան ու կանոնաւորութեան վերականգնման ճիշդ ուղի գտնելուն հիմն է:

«Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` միասնաբար մտածենք, երկխօսութիւն կատարենք եւ ձեռք ձեռքի տանք մարտահրաւէրներէն ու մեր բոլորիս սպառնացող վտանգներէն մեր հայրենիքը փրկելու համար: Կ՛ողջունենք այս առնչութեամբ գործադրուող բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ զանոնք կը գնահատենք, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ անոնք յաջողութեամբ պսակուին»:

 

Նախորդը

Մաքրոն Լիբանանի Հարաւային Սահմանին Վրայ Մագլցումը Վերահսկողութեան Տակ Առնելու Համար Ամերիկայի Եւ Իսրայէլի Հետ Եռակողմ Շրջագիծ Մը Յայտարարեց

Յաջորդը

«Երկխօսութիւնը Անխուսափելի Է» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.