«Էն. Պի. Էն.»-ի Հետ Հարցազրոյցի Ընթացքին. Բագրատունի. «Երկխօսութեան Այլընտրանք Չկայ»
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Սիասա Եոմ» յայտագիրի ընթացքին Ապպաս Զալզալիի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններուն նախագահի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ կատարած աշխատանքին, գնահատեց դեսպաններուն այդ աշխատանքը, սակայն նշեց, որ արտաքին որեւէ կողմ չի յաջողիր, եթէ անոր յաջողութեան ներքին ենթահող չկայ: Բագրատունի վերյիշեցուց ՀՅԴ-ի պատմական դիրքորոշումը, թէ Լիբանանի մէջ որեւէ...




















