Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Հիւսիսային Սահմաններուն Վրայ Կացութիւնը Պիտի Չշարունակուի Եւ Պէտք Է Փոխուի»

Սեպտեմբեր 17, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան շաբաթական նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ հիւսիսային սահմաններուն վրայ կացութիւնը պիտի չշարունակուի:

Ան ըսաւ, որ այդ կացութիւնը կարիքը ունի ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութեան` աւելցնելով, որ ինք հիւսիսի բնակիչները տուն դարձնելու համար պէտք եղածը պիտի ընէ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի միջեւ հիւսիսի մէջ զինուորական գործողութիւններու ընդլայնման շուրջ տարակարծութիւն յառաջացած է:

Նեթանիահուի մերձաւորներ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ան Կալանթը պիտի փոխարինէ, եթէ վերջինս շարունակէ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու ընդլայնման ընդդիմանալ:

Նեթանիահուի գրասենեակէն աղբիւր մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Կիտէոն Սահերը Կալանթի փոխարէն պաշտպանութեան նախարարութիւնը ստանձնելու թեկնածուն է:

Նեթանիահուի գրասենեակը, սակայն, պետական պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց, որ «Կալանթի տեղ պաշտպանութեան նախարար նշանակուելու համար Կիտէոն Սահերի հետ բանակցութիւններու մասին հաղորդուած լուրերը ճիշդ չեն»` աւելցնելով, որ ան այդպիսի մտադրութիւն չունի:

«Ժազիրա» հաղորդեց, որ ընդդիմադիր Պետութեան ճամբար կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանց յայտնած է. «Նեթանիահուի հիւսիսի մէջ ճակատումէն առաջ Կալանթի պաշտօնազրկումով զբաղիլը գնահատման սխալի եւ կասկածելի առաջնահերթութիւններու ցուցանիշ է»:

«Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ի համաձայն, Կալանթի կարծիքով` այժմ պահը յարմար չէ այդպիսի յարձակում մը շղթայազերծելու, եւ կ՛ուզէ հիւսիսի մէջ դիւանագիտական լուծումին ու Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման առիթ ընծայել:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի հիւսիսային շրջանի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ուրի Կորտին աշխատանք կը տանի գործողութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ բանակի հիւսիսային բաժինի հրամանատարը յայտարարած է, թէ իր ուժերը պատրաստ են սահմանին լիբանանեան կողմին վրայ տարածքներ գրաւելով ապահովական գօտի ստեղծելու:

Աղբիւրներ «Իսրայէլ Հայոմ»-ին յայտնած են, թէ Կորտին յայտնած է. «Պայմանները յարմար են եւ բանակին կ՛արտօնեն այդպիսի քայլ մը ոչ երկար ժամանակի մէջ կատարելու, որովհետեւ 11 ամսուան կռիւներու ընթացքին Հըզպալլայի մասնայատուկ ուժի` «Ռատուան»-ի բազմաթիւ անդամներ սպաննուեցան կամ հիւսիս փախան»:

Ըստ իսրայէլեան գնահատումներուն, բնակչութեան 20 առ հարիւրը տակաւին կը գտնուի հարաւային Լիբանանի մէջ: «Բնակչութեան այսպիսի նուազումը բանակին կ՛արտօնէ այսպիսի գործողութիւն մը դիւրութեամբ եւ աւելի արագ կատարել», նշած է ան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ իր ամերիկացի պաշտօնակից Լոյտ Օսթինին յայտնած է. «Հիւսիսի մէջ կարգաւորման կարելիութիւնը կը չքանայ եւ կը նահանջէ, որովհետեւ Հըզպալլան կը շարունակէ ինքզինք Համասին կապել, եւ ուղղուածութիւնը յստակ է»:

Կալանթ նշած է, թէ Իսրայէլ «յանձնառու է Հըզպալլան հարաւային Լիբանանէն հեռացնելու եւ իսրայէլացի բնակիչները հիւսիսի եւ սահմանամերձ շրջաններ իրենց տուները անվտանգ վերադարձնելու»:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» իր կարգին հաղորդեց, որ Կալանթ երէկ յայտարարած է. «Հիւսիսի ճակատին վրայ միայն մէկ հաւանականութիւն կայ` զինուորական ամբողջ ուժը գործի լծելը»:

 

Նախորդը

Պեն Ղաֆիր. «Պէտք Է Անմիջապէս Պաշտօնազրկել Պաշտպանութեան Նախարարը Եւ Հիւսիսային Ճակատին Վերաբերեալ Որոշում Տալ»

Յաջորդը

Հոքշթայնի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Կալանթ. «Մեր Քաղաքացիները Հիւսիսի Մէջ Իրենց Տուները Վերադարձնելու Միակ Ձեւը Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելն Է»

RelatedPosts

Նախագահ Աունն Ու Առաջին Տիկինը Այսօր  Հանդիպում Կ՛ունենան Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ
Լիբանանեան

Նախագահ Աունն Ու Առաջին Տիկինը Այսօր Հանդիպում Կ՛ունենան Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

Յունիս 13, 2025
Նաքուրա Այցելելով`  «Կ՛ընդգծենք ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Առանց  Բարեփոխման Վերանորոգելու Անհրաժեշտութիւնը,  Եւ Կը Յուսանք, Որ Այդ Ուղղութեամբ  Ջանքերը Կը Յաջողին»  Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը
Լիբանանեան

Նաքուրա Այցելելով` «Կ՛ընդգծենք ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Առանց Բարեփոխման Վերանորոգելու Անհրաժեշտութիւնը, Եւ Կը Յուսանք, Որ Այդ Ուղղութեամբ Ջանքերը Կը Յաջողին» Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը

Յունիս 13, 2025
Թինընթի. «Կը Շարունակենք Լիբանանեան  Բանակին Աջակցիլ Եւ Հարաւային Լիբանանէն  Իսրայէլեան Բանակի Հեռացումը Կը Պահանջենք»
Լիբանանեան

Թինընթի. «Կը Շարունակենք Լիբանանեան Բանակին Աջակցիլ Եւ Հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլեան Բանակի Հեռացումը Կը Պահանջենք»

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?