– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, թէ ամերիկեան դիւանագիտական կողմեր Լիբանանէն իրենց հետ կարգ մը կապ հաստատողներուն յայտնած են, թէ լիբանանցիներուն դիմաց հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առիթը կ՛երկարի մինչեւ 5 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութեան նախօրեակը, «եւ պէտք է նախագահ ընտրելով պրծիք, այլապէս ստիպուած պիտի ըլլաք դարձեալ մինչեւ յաջորդ ամառ սպասելու, մանաւանդ եթէ յաղթանակ արձանագրէ հանրապետական Տանըլտ Թրամփը, որովհետեւ նոր վարչակազմը իր հարցերը դասաւորելու համար քանի մը ամսուան կարիք պիտի ունենայ»:
Շրջանակները շեշտած են, որ նախագահի ընտրութեան կատարումը կարիքը ունի ամերիկեան-սէուտական-իրանեան համախոհութեան, առանց որուն դժուար է նախագահի ընտրութեան հոլովոյթը իրագործել:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ Լիբանան վերջին շրջանին ստացած է ամերիկեան յորդորներ, թէ լիբանանցիները պէտք է զգուշանան հարաւի մէջ կացութիւնը մեծ պայթումի աստիճանին հասցնելէ, մանաւանդ ներկայ փուլին, երբ ամերիկեան վարչակազմը ընտրական գործերով զբաղած է, եւ թէեւ Լիբանանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը չէ նուազած, սակայն բոլոր կողմերուն վրայ եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վրայ պատերազմի որեւԷ ընդլայնում կանխարգիլելու համար ճնշումները թերեւս ներկայ փուլին բաւարար չափով ազդու չըլլան:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին կը յայտնէ, որ այսօր Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին կեցութեան վայրին մէջ գումարուելիք Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններուն ժողովը առանցքային առիթ մըն է քննարկելու այն գաղափարներն ու առաջարկները, որոնք հաւաքուեցան Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի շրջապտոյտի եւ Ռիատի մէջ սէուտական արքունիքի խորհրդատու Նիզար Ալուլայի ու Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի ներկայութեամբ ժողովի ընթացքին:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ գոյութիւն ունի այն նախատեսութիւնը, թէ դեսպաններուն ժողովէն բխի համաձայնական առաջարկ մը, որ կրնայ լիբանանեան կողմերը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու նիստի հրաւիրելու հիմք դառնալ, եւ կը թուի, թէ այդ առաջարկին հիմքը նիստերէն առաջ կամ նիստերու ընթացքին խորհրդակցելու առաջարկն է` երաշխաւորելու համար բոլոր կողմերէն աւելի լայն մասնակցութիւն եւ նուազեցնելու համար խոչընդոտման կամ պառակտման կարելիութիւնը:
– «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Կը թուի, թէ նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ հարցերը վերադարձած են զերօ կէտին, հակառակ Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի անդամներուն կարգ մը երեսփոխաններու հետ սկսած «գաղտնի» հաղորդակցութիւններուն:
«Շրջանակներ ատոր պատճառը կը նկատեն ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի Ռիատ այցելութեան արդիւնքները, որոնք Փարիզի համար յուսախաբեցնող էին, որովհետեւ վերջինս ձախողեցաւ սէուտական ղեկավարութիւնը վերստին ներքաշել լիբանանեան տիղմին մէջ, քանի որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը կը պնդէ, որ թագաւորութիւնը պիտի չներքաշուի անուններու ու ընտրական մեքանիզմներու խաղին մէջ եւ այս առումով որեւէ ճնշում պիտի չբանեցնէ, ինչպէս նաեւ պիտի չխոստանայ որեւէ օժանդակութիւն տրամադրել կամ Լիբանանի նկատմամբ իր պաշտօնական քաղաքականութիւնը պիտի չփոխէ մինչեւ նախագահի ընտրութիւնն ու անոր ինքնութիւնը գիտնալը, որպէսզի կարենայ ըստ այնմ որոշել»:
– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ Պընթ Ժպէյլ գաւառի Պարաաշիթ գիւղի բնակիչները կանգնեցուցած են ՖԻՆԻՒԼ-ի պարեկութիւն կատարող զինուորները, որոնք առանց լիբանանեան բանակի ընկերակցութեան կը շրջէին: