Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադարձաւ իսրայէլեան հետզհետէ շատցող սպառնալիքներուն` նշելով. «Լիբանանը անոնց վարժուեցաւ, նոյնիսկ եթէ անոնց աստիճանը վերջերս բարձրացաւ»:
Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին բացառեց Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ցամաքային լայնածաւալ յարձակում մը, հակառակ «հիւսիսի մէջ տիրող կացութիւնը փոխելու» վերաբերեալ իսրայէլեան իրերայաջորդ սպառնալիքներուն:
Ան հաւանական նկատեց, որ Իսրայէլ դիմէ իր զինուորական գործողութիւններու թիւի յաւելման եւ կշռոյթի բարձրացման, սակայն առանց որ անիկա ներխուժումի փորձի վերածուի:
«Իսրայէլացիին հետ գետնի վրայ դէմ առ դէմ ուղղակի ճակատումը մեր փափաքածն է, եւ անիկա մեզի համար փոխադարձ ռմբակոծումէն նախընտրելի է: Թշնամին գիտէ, թէ սուղ գին պիտի վճարէ, եթէ փորձէ գետնի վրայ յառաջ ընթանալ, ուստի կը բացառեմ, որ այդպիսի ընտրանքի դիմէ, բացի եթէ անմտութիւն գործէ», աւելցուց Պըրրի:
Միւս կողմէ, «Էն.Պի.Էն.» հաղորդեց, որ խորհրդարանի նախագահը նշած է. «Այն բարեփոխումները, որ 31 օգոստոսին նախագահի ընտրութեան թղթածրարին շուրջ ներկայացուցի, իրենց տեսակին մէջ վերջինն են»:
«Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի բոլոր կողմերը մեր նախագահական նախաձեռնութիւնը իրարմէ անջատ ողջունեցին, ուստի ի՞նչ բան կ՛արգիլէ, որ անոնք անոր միասնաբար զօրակցին», հարց տուած է Պըրրի: