Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 18, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց բողոք մը Նապաթիէ գաւառի Ֆարուն գիւղին մէջ Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերուն պատկանող ինքնաշարժի մը վրայ Իսրայէլի յարձակումին դէմ, որ իսրայէլեան ռմբակոծման հետեւանքով յառաջացած հրդեհին դէմ պայքարող Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերու չորս անդամներու մահուան պատճառ դարձած էր:

Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց դատապարտել այդ ոճիրը, հաշուետուութեան ենթարկել Իսրայէլը եւ բոլոր միջոցներով անոր վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի յարգէ միջազգային օրէնքներն ու անգիր կանոնները:

– ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Խոր կերպով քննարկեցինք շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ տագնապը, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւնը, որ այստեղ` Լիբանանի մէջ կ՛ընդլայնուի: Նաեւ քննարկեցինք Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ այս լարուածութեան հետեւանքները, եւ գիտենք, թէ մեծաթիւ լիբանանցիներ տեղահանուեցան ըլլայ հիւսիսային Իսրայէլի կամ հարաւային Լիբանանի մէջ: Մենք պէտք է միշտ յոռեգոյնին պատրաստ ըլլանք, թէեւ յոյսով ենք, որ ատիկա տեղի չունենայ, սակայն կացութիւնը իրապէս մտահոգիչ է»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտելռահման Ալ Թանին ու Քաթարի զարգացման ֆոնտի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար Սուլթան Օսէյրի հանդիպում ունեցան լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ քննարկեցին լիբանանեան բանակին աջակցելու կարելիութիւնները:

Քաթարի զարգացման ֆոնտը յայտարարեց, որ լիբանանեան բանակին 3 ամիս վառելանիւթի ապահովման համար 15 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կը կատարէ, ամրապնդելու համար հետզհետէ աճող մարտահրաւէրներու դիմակայման անոր կարողութիւնը:

– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլի, այցելեց կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապիի` քննարկելու համար ապօրինի կերպով Լիբանան գտնուող սուրիացի ուսանողներուն պետական ու սեփական վարժարաններու մէջ արձանագրուիլ արտօնող որոշումը:

Ապի Խալիլ յայտնեց, որ իրենք իրենց բուռն ընդդիմութիւնը յայտնած են «այդ որոշումին, որ մեծապէս կը նպաստէ տեղահանուածներուն կացութեան կարգաւորման` զանոնք համարկելու եւ Լիբանանի մէջ բնակեցնելու համար»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նշեց, որ կառավարութեան վերջին թիւ 63/2024 որոշումը, որ սուրիացի ուսանողները կրթական հաստատութիւններու եւ պետական վարժարաններու մէջ ընդունիլ կ՛արտօնէ, «կ՛ոտնահարէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ լիբանանեան ինքնութեան համար մեծ վտանգ կը ներկայացնէ»:

– ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ուժանիւթի նախարարութեան եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան յղեց ելեկտրականութեան մատակարարման անհաւասարութեան եւ ուժանիւթի արդար բաշխման բացակայութեան մասին շրջաբերական մը:

 

Նախորդը

Լուիս Մորենօ Օքամփօ ՀՅԴ-ի Գործիչներու Հետ Հանդիպում Ունեցաւ

Յաջորդը

Պըրրի. «Մեր Վրայ Յարձակումին Գինը Սուղ Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?