– Պէյրութի մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը, անդրադառնալով ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի երէկ Իսրայէլ այցելութեան, քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ կը գիտակցին, թէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ նոր պատերազմ մը աղէտալի պիտի ըլլայ ոչ միայն մարդասիրական ու զինուորական մակարդակներու վրայ, այլ նաեւ շրջանային կայունութեան համար: Ուստի այս այցելութիւնը լարուածութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելու եւ միջնորդութեան ճամբով մագլցումը կանխարգիլելու ամերիկեան ճիգերու ծիրին մէջ է»:
«Հոքշթայնի այցելութիւնը Իսրայէլ, ուրկէ ալ հաւանաբար անցնի Լիբանան, կ՛արտացոլացնէ Հըզպալլայի հետ պատերազմ ծագելու կարելիութեան նկատմամբ Ուաշինկթընի աճի ենթարկուած մտավախութիւնը: Ամերիկացիները կը յուսան, որ լարուածութեան աճն ու իսրայէլեան ռազմական հռետորաբանութիւնը զսպման քաղաքականութեան ծիրին մէջ են, սակայն միեւնոյն ժամանակ այդ քայլերը վերահսկողութենէ դուրս եղող մագլցման նկատմամբ իսկական մտավախութիւններ կ՛արտացոլացնեն, եւ Միացեալ Նահանգներ այս այցելութեան միջոցով կը ջանան կացութիւնը հանդարտեցնել եւ լարուածութեան վատթարացումը կանխարգիլել», կը նշէ աղբիւրը:
– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ու Դիմադրութեան առանցքին մօտիկ շարք մը աղբիւրներ «Ասաս Մետիա»-ին. «Յառաջիկայ փուլին Իսրայէլի կողմէ բոլոր ճակատներուն վրայ մեծ մագլցում տեղի պիտի ունենայ»:
– «ԵՏԻՈԹ ԱՀՐՈՆՈԹ»` մէջբերելով Իսրայէլի առողջապահութեան նախարար Ուրիել Պուսոն. «Առողջապահական համակարգը պատրաստ է հիւսիսային ճակատին մէջ»:
– ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին հարաւային Լիբանանի Տեր Քանուն Նահր գիւղին մէջ Հըզպալլայի նահատակներէն Հանի Հիւսէյն Իզէտտինի յուղարկաւորութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` հիւսիսային Ճակատին վրայ պատերազմի ընդլայնման մասին յայտարարութեան, յայտնեց. «Նեթանիահուն անկարող է որեւէ նոր ճակատի վրայ պատերազմը ընդլայնելու, որովհետեւ Կազայի մէջ գտնուող յոգնած եւ ուժասպառ իսրայէլեան բանակը մինչեւ հիմա չէ կրցած պատերազմը վճռել, եւ չի կրնար պնդել, թէ Կազայի մէջ յաղթանակ արձանագրած է, ուստի ինչպէ՞ս Լիբանանի կամ ուրիշի հետ նոր ճակատի ընդլայնման քայլին պիտի դիմէ»:
– «ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը թուի, թէ շաբաթ օր Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի ժողովը նախագահի ընտրութեան թղթածրարին առնչակիցներուն ակնկալած մակարդակին վրայ չէ, եւ ըստ տեղեկութիւններու, գործնական արդիւնքներու չէ յանգած, այլ թուած է, թէ միայն անցեալ երեք ամսուան իրադարձութիւնները քննարկելու համար է:
Հանդիպումը միայն նախագահի ընտրութեան հարցով իւրաքանչիւր դեսպանի լիբանանցի ղեկավարներու հետ հանդիպումներու արդիւնքներուն ծանօթացումով չէ բաւարարուած, այլ նաեւ արծարծուած է Կազայի եւ հարաւի մէջ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ հարցերու կտրուկ զարգացման կարելիութիւնը:
– «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Պէյրութ, սակայն գործադրութեան պատրաստ լուծումներ չունի, եւ անոր այցելութիւնը յորդորի ու զգուշացման համար պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ հարցերը վտանգաւորութեան աննախադէպ աստիճանի հասած են:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Քաղաքական գնահատականները ցոյց կու տան, թէ առանց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման Լիբանանի մէջ համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւնները չնչին դարձած են»:


