Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթիի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Մքարի. «Կառչած Կը Մնանք Զինադադարի Վերաբերեալ Ֆրանս-Ամերիկեան Նախաձեռնութեան»

October 8, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքարի վարչապետարանին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Միքաթին դրած է Փարիզի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի ընթացքին իր ունեցած հաղորդակցութիւններու մթնոլորտին մէջ:

«Եւ (Փարիզի մէջ) լրատուամիջոցներու ճամբով խորհրդաժողովի ծիրին մէջ իմ հանդիպում ունեցած իւրաքանչիւր պետութեան ղեկավարի փոխանցեցի հիմնական պատգամ մը, թէ քաղաքայիններն են, որոնք տագնապին գինը կը վճարեն, եւ այս տագնապը առօրեայ դրութեամբ կը քանդէ Լիբանանն ու Պէյրութը, եւ մենք` իբրեւ լիբանանեան պետութիւն, կառչած կը մնանք ֆրանս-ամերիկեան նախաձեռնութեան, որ կոչ կ՛ուղղէ` 21-օրեայ տեւողութեամբ զինադադար հաստատելու, մինչեւ մօտիկ ապագային կարենանք խօսիլ:

«Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի մօտ մեծ լրջութիւն նկատեցինք, եւ ան Լիբանանին բազմաթիւ քաջալերական պատգամներ փոխանցեց:

«Նախագահ Մաքրոնի վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան ամենայն յստակութեամբ յայտարարեց, որ պիտի դադրեցնէ Իսրայէլին յարձակողական զէնքերու մատակարարումը, սակայն այստեղ ըսեմ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներուն մօտ թիւրըմբռնում տեղի ունեցաւ, որ ան այդ որոշումէն կը հրաժարի, սակայն ճիշդը այն է, որ ան ըսաւ, որ յանձնառու ենք Իսրայէլին ինքզինք պաշտպանելու օգնելու, ուստի մենք պաշտպանական զէնքեր կը մատակարարենք, մասնաւորաբար անօդաչու թռչող սարքերու դէմ հրթիռներ», ըսաւ ան:

«Կը հաստատեմ, որ բնաւ դիւրին կացութեան մէջ չենք, սակայն պէտք է կառչած մնանք յոյսին, եւ այսօր ունինք այս պատուհանը, եւ մենք վճռական ենք զայն զարգացնելու եւ քննելու, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աշխատիլ այլ երկիրներ այս կոչին ու ֆրանսական նախաձեռնութեան միացնելու:

«Առիթը կ՛ուզեմ օգտագործել ըսելու, որ լրատուամիջոցներու մէջ առանց ստուգման կեղծ լուրեր կը հրապարակուին, եւ ատիկա լիբանանցիներուն համար վտանգ եւ անոնց մօտ սարսափ կը յառաջացնէ, ուստի այս շաբաթ պիտի աշխատինք այս հարցը լուծելու: Ընկերային ցանցերը եւս կը հրապարակեն կարգ մը հարցեր զիրար դաւաճան պիտակելու վերաբերեալ` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ մթնոլորտը առողջ չէ, եւ մենք ու բոլոր լրատուամիջոցները միասնաբար պիտի փորձենք մեղմացնել այս հարցը, մանաւանդ որ լիբանանցիները արժանի չեն այն ամէնին, ինչ որ իրենց տեղի կ՛ունենայ»:

Պատասխանելով ֆրանսական նախաձեռնութեան մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Այս նախաձեռնութիւնը լուրջ է եւ հիմա պիտի սկսի, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն ժամադրութիւն խնդրեցինք զինք տեղի ունեցածին մթնոլորտին մէջ դնելու համար, եւ մենք` իբրեւ կառավարութիւն եւ աշխարհի վրայ լիբանանցի դիւանագէտներ, այս նախաձեռնութեան պիտի հետեւինք»:

«Կը հաստատեմ, որ նախագահ Էմանուել Մաքրոն հոկտեմբերի վերջաւորութեան Լիբանանի շուրջ յատուկ խորհրդաժողով մը պիտի գումարէ եւ անոր լուրջ ու արագ կերպով կը պատրաստուի», ըսաւ ան:

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Պըրրի Տակաւին Կը Զօրակցի Թեկնածութեանս, Եւ Ոմանք Ճակատամարտէն Առաջ Անոր Անձնատուութիւնը Յայտարարեցին»

Յաջորդը

Սաֆատի. «Իսրայէլեան Մագլցումը Շրջանը Կը Մղէ Դէպի Շրջանային Պատերազմի Անդունդ»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.