ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ վստահուած առաքելութիւն կատարող ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ապահովութեան վտանգումը անընդունելի է»:
«ՖԻՆԻՒԼ-ը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Լիբանանի մէջ իր դիրքերէն մէկուն մօտ իսրայէլեան բանակի վերջին քայլերուն նկատմամբ», ըսաւ ան:
Նախքան այդ, «Մայատին» հաղորդած էր, որ Հըզպալլայէն մարտական պատասխանատու մը յայտնած էր, որ կուսակցութեան մարտիկները կիրակի օր Մարուն Ռաս գիւղի մերձակայքին մէջ իսրայէլեան ուժերու արտասովոր շարժումներ նկատած են: Հրամանատարութիւնը անոնց թելադրած է համբերել եւ չհակազդել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու դիրքի ետին արձանագրուող շարժումին:
«Թշնամին կը փորձէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իբրեւ մարդկային վահան օգտագործել», շեշտած է պատասխանատուն:
Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած էին, որ խոր մտահոգութիւն կը զգան «լիբանանեան հողերուն մէջ, Մարուն Ռասի հարաւ-արեւելքը գտնուող (հարաւային Լիբանանի արեւմտեան մաս) 52-6 առաքելութեան դիրքին մօտ իսրայէլեան բանակի կատարած վերջին գործունէութեան նկատմամբ: Իսրայէլեան բանակին սովորական խողովակներու ճամբով բազմիցս ու շարունակ փոխանցուեցաւ շարունակուող այս կացութեան մասին»:
«Այս զարգացումը շատ վտանգաւոր է, եւ անընդունելի է ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն անվտանգութիւնը ոտնահարել, մինչ անոնք Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ իրենց վստահուած առաքելութիւնը կը կատարեն», աւելցուցած էր ՖԻՆԻՒԼ:
ՖԻՆԻՒԼ բոլոր գործօն կողմերուն շտապ կերպով յիշեցուցած էր ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներն ու սեփականութիւնները պաշտպանելու նկատմամբ անոնց յանձնառութիւնը:


