Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 – ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի տնօրէն Օմար Իթանի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մինչեւ հիմա նաւահանգիստը ծովային շրջափակման տակ չառնուեցաւ»:

«Առեւտրական նաւերը տակաւին գրեթէ բնական ձեւով կը հասնին նաւահանգիստ», ըսաւ ան` նշելով. «Աշխատանք կը տանինք ապրանքները նաւահանգիստէն դուրս բերելու` թիրախաւորումէ զգուշանալով»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ Քաթարի ճամբով ամերիկացի պաշտօնատարներուն կոչ ուղղած են` Հըզպալլայի ուժը տկարացնելու համար Լիբանանի մէջ նոր ընտրութիւններ ջատագովելու:

Ըստ անոնց. «Լիբանանի մէջ ընտրութիւններ կատարելը մեծապէս պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ կարգաւորման»:

«Ամերիկացի պաշտօնատարները չմերժեցին այս գաղափարը», կը նշէ պատկերասփիւռի կայանը:

– ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դժուար կացութեան մէջ գտնուող շուրջ 50 ֆրանսացիներ Պէյրութէն Փարիզ տարհանուած են` նշելով, որ անոնք ճամբորդած են Պէյրութ` մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրած օդանաւով մը:

– ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց «շարունակելու Կազայի եւ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման ձգտող ջանքերը»:

«Այս վտանգաւոր պահուն պէտք չէ տկարանանք, որպէսզի երաշխաւորենք Կազայի եւ Լիբանանի մէջ զինադադարը, Կազայի այնքան կարիք ունեցած օժանդակութիւններու մատակարարումն ու բոլոր պատանդներուն ազատ արձակումը», ըսաւ ան:

«Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ կացութիւնը անհաւատալի չափով վտանգաւոր է», նշեց Լամի:

– ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Միջազգային ընտանիքը, մասնաւորաբար ազդեցիկ պետութիւնները պէտք է դեր ստանձնեն Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան վատթարացումը կանխարգիլելու համար»:

«Միջին Արեւելքի մէջ վերիվայրումներուն նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը զգանք եւ կ՛ընդդիմանանք տագնապներու սրման եւ ընդլայնման», նշեց նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ռազմական Հարցերու Յանձնախումբի Ատենապետը

Յաջորդը

Կութիերես. «Լիբանան Համապարփակ Պատերազմի Եզրին Է»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.