Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Սեփական զէնքերու բարեփոխման մակարդակի վրայ տասնեակներով քայլեր կատարուեցան, եւ աւելի քան 120 հազար զէնք ցրուուեցաւ ատակ քաղաքացիներուն, մինչ տասնեակ հազարաւորներ պայմանաւորեալ արտօնութիւններ ստացան:
«Անսահման քննադատութիւններու ենթարկուեցանք, սակայն ամուր կանգնեցանք եւ մտադիր ենք շարունակել Իսրայէլը զինել: Եւ անիկա ըրինք եւ պիտի շարունակենք ընել»:
«Մեր ամբողջ ուժով պիտի աշխատինք բացարձակ յաղթանակ արձանագրել Կազայի մէջ, Լիբանանի մէջ, Իրանի մէջ, եւ ամէնուր, որ մեր թշնամիին ոտքը կը կոխէ, մինչեւ որ բոլոր առեւանգեալները իրենց տուները վերադառնան եւ հիւսիսի բնակիչները ապահով վերադառնան իրենց քաղաքները: Միասնաբար պիտի յաղթենք», ըսաւ Պեն Ղաֆիր:


