Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Իսրայէլին Ուղղակի Կերպով Փոխանցեցինք Պէյրութի Խիտ Բնակուած Շրջաններուն Վրայ Գրեթէ Ամէնօրեայ Յարձակումներու Որեւէ Արշաւի Մեր Ընդդիմութիւնը»

October 18, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը հաղորդեց. «Իսրայէլին ուղղակի կերպով փոխանցեցինք Պէյրութի խիտ բնակուած շրջաններուն վրայ գրեթէ ամէնօրեայ յարձակումներու որեւէ արշաւի մեր ընդդիմութիւնը»:

«Յստակ դարձուցինք, որ պիտի շարունակենք Հըզպալլայի հետ լարուածութեան վերջ տալու համար իսրայէլացիներու հետ դիւանագիտական բանակցութիւններ վարել», նշեց Սպիտակ տունը:

«Շատ յստակ էինք, որ իսրայէլեան գործողութիւնները պէտք է կատարուին այնպիսի ձեւով մը, որ քաղաքայիններու կեանքերը չեն վտանգեր», աւելցուց Սպիտակ տունը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր մէկ օր առաջ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին իրենց մտավախութիւնը յայտնեցին Պէյրութի դէմ ռմբակոծման անոր արշաւին նկատմամբ»:

«Անցնող քանի մը օրերուն յարձակումներուն թիւը նուազեցաւ, սակայն Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ մեծ ուշադրութեամբ դիտարկել», աւելցուց Միլլըր:

«Հակառակ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումներուն, զորս Ուաշինկթըն պատշաճ կը նկատէ, իսրայէլեան կառավարութեան յստակ դարձուց, որ մտավախութիւններ ունի բնոյթին նկատմամբ ռմբակոծման այն արշաւին, որ անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին մեծաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառեց», նշեց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց. «Իսրայէլացիներուն յստակ դարձուցինք, որ Պէյրութի վրայ օդային յարձակումներուն դէմ ենք եւ կը հետեւինք այդ առնչութեամբ անոնց յանձնառութեան»:

 

Նախորդը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Մասնակից 16 Եւրոպական Երկիրներու Խաղաղապահ Ուժի Լիբանանի Մէջ Ապագային Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ռուսական Արդիական Զէնքեր Գտանք»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.