– ՔՐԵՄԼԻՆ յայտնեց. «Մոսկուան մեծապէս մտահոգուած է Միջին Արեւելքի Մէջ Իսրայէլի վարմունքով, որովհետեւ քաղաքայիններուն վտանգ կը ներկայացնէ»:
«Կազայի եւ Լիբանանի մէջ մարդասիրական աղէտ կայ, եւ ասիկա Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ համար մեծ մտահոգութեան աղբիւր է», նշեց Քրեմլին:
– ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի «Ժատիտ»-ին յայտնեց. «Երկկողմ եւ խումբ մը պետութիւններու միջեւ Լիբանանի շուրջ հաղորդակցութիւններ կան, Արաբական լիկան կը հետեւի այդ հաղորդակցութիւններուն եւ կը ջանայ անոնցմէ տեղեակ ըլլալ: Բոլորս առնչակից ենք ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, նաեւ Լիբանանը, եւ Լիբանանի յատուկ կացութիւնը իմ կարծիքովս քաղաքական առումով աւելի դիւրին է, քան պաղեստինեան խնդիրը»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ուալլա» կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնած է. «Լիբանանի հետ կազի համաձայնութիւնը սխալ էր, եւ զայն չեղեալ նկատելու համար մեր ունեցած միջոցները կը սերտեմ»:
– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է ամէն գնով խուսափինք քաղաքացիական պատերազմէն, եւ ոչ ոք պէտք է պետութենէն աւելի հզօր ըլլայ»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի Իրանի ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան շուրջ Ֆրանսայի հետ բանակցելու պատրաստակամութեան յայտարարութեան վերաբերեալ արձագանգը «մեզի յոյսի նշոյլ կու տայ, որ լիբանանեան պետութիւնը, թէկուզ դժբախտաբար արձանագրուած քանդումէն ետք, սկսաւ իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնիլ»:
– ԸՍՏ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, «Հըզպալլայի մնացեալ մարտական խումբերը իրանցի սպաներու կողմէ կը ղեկավարուին»:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից կարգ մը եւրոպական պետութիւնները սպառնացին Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սառեցնել կամ խզել, եթէ իրենց զօրախումբերը ռմբակոծուին: Չինաստան եւս սպառնաց հակադարձել իր կեդրոններուն վրայ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի»:
– ԹՈՒՐՔԻՈՅ խորրդարանը ստացաւ նախագահական շրջաբերական մը մէկ տարիով երկարաձգելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող թրքական զօրախումբի առաքելութիւնը, որ կ՛աւարտի 31 հոկտեմբերին


