Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ իսրայէլեան ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ռազմակայանները խուզարկելու ընթացքին ռուսական «արդիական» զէնքեր յայտնաբերած են:
Նեթանիահու ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ 2006 թուականին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած թիւ 1701 որոշումը միայն լիբանանեան բանակին կ՛արտօնէ Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջաններուն մէջ զէնք կրել, «բայց եւ այնպէս Հըզպալլան փորեց հարիւրաւոր փապուղիներ եւ թաքստոցներ, ուր տակաւին նոր գտանք որոշ քանակով ռուսական արդիական զէնքեր»:
«Լիբանանի մէջ քաղաքացիական նոր պատերազմի ծագիլը ողբերգութիւն պիտի ըլլայ: Հաստատ, որ այդպիսի պատերազմ մը հրահրելու նպատակ չունինք, եւ Իսրայէլ մտադիր չէ Լիբանանի ներքին խնդիրներուն միջամտելու», պնդեց ան:
«Մեր միակ նպատակը լիբանանեան սահմանի երկայնքին բնակող մեր քաղաքացիներուն իրենց բնակավայրեր վերադառնալը եւ ապահով զգալն է», աւելցուց Նեթանիահու:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ներթափանցումներու ընթացքին ռուսական ու չինական հակահրասայլային զէնքեր յայտնաբերուած են:


