Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր հրապարակեց Եւրոպական Միութեան անդամ 16 երկիրներու մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանման կարեւորութեան շուրջ առցանց ժողովի վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ եւրոպական 16 երկիրները յայտնած են. «ՖԻՆԻՒԼ-ի ապագային վերաբերեալ որեւէ որոշում պէտք է միաձայնութեամբ որդեգրուի ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ»: Անոնք աւելցուցած են, որ պէտք է Իսրայէլի վրայ առաւելագոյն աստիճանի քաղաքական ու դիւանագիտական ճնշումներ գործադրել, որպէսզի դադրեցնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ իր յարձակումները:
Անոնք նաեւ նշեցին, որ Հըզպալլան տագնապին մէջ չի կրնար ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամները իբրեւ վահան օգտագործել:
ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից եւրոպական 16 երկիրները համաձայնեցան մարզումի եւ միջազգային ֆինանսաւորման ճամբով ամրապնդելու լիբանանեան զինեալ ուժերը, որպէսզի կարենայ դառնալ հաւաստի ուժ մը, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի աջակցութեամբ կը նպաստէ շրջանի կայունութեան:
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Աւստրիոյ, Խրուաթիոյ, Ֆինլանտայի, Յունաստանի, Իրլանտայի, Լաթվիոյ, Նետերլանտներու, Լեհաստանի, Գերմանիոյ, Էսթոնիոյ, Հունգարիոյ, Մալթայի եւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարները կամ անոնց ներկայացուցիչները:
Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ողջունեց Եւրոպական Միութեան անդամ 16 երկիրներու հաղորդագրութիւնը:
Սլիմ ըսաւ, որ եւրոպական երկիրներու` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրելու առաքելութիւնը շարունակելու որոշումը ցոյց կու տայ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը պահպանելու միջազգային յստակ փափաքը, եւ թէ այդ առաքելութիւնը կարելի է միայն փոխել Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու եւ ոչ թէ Իսրայէլի որոշումով:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարը վերահաստատեց, որ Լիբանանը կառչած է ՖԻՆԻՒԼ-ին հարաւի մէջ մնալուն` լիբանանեան բանակին հետ գործակցելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան համար:


