Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Շիիներու Իրենց Շրջաններէն Երկարատեւ Տեղահանութիւնը Ընկերային Եւ Քաղաքացիական Առումով Մեծ Վտանգ Է»

Հոկտեմբեր 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Մուտոն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նասրալլային ձգած բացը մեծ է, եւ հայրենիքին սպառնացող վտանգները շատ են: Զանոնք դիմակայելը դիւրին պիտի չըլլայ առանց ազգային միասնականութեան եւ լիբանանցիներու միջեւ զօրակցութեան` դիմակայելու համար յարձակումը եւ ամրապնդելու համար ներքին քաղաքական ու ընկերային կացութիւնը:

«Հիմա տարակարծութիւններու եւ մէկ կողմի միւսին վրայ բռնանալու պահը չէ», շեշտեց ան:

«Նոր նախաձեռնութիւնը քննարկեցի Լիբանանի առնչակից հինգ պետութիւններուն հետ: Անձ մը ուղարկեցի ամերիկացիներուն մօտ եւ ուրիշ մը` սէուտցիներուն, որովհետեւ դեսպանը Լիբանանի մէջ ներկայ չէ, եւ հանդիպում ունեցայ Ֆրանսայի, Եգիպտոսի եւ Քաթարի դեսպաններուն հետ, նաեւ հանդիպում ունեցայ Բրիտանիոյ դեսպանին ու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչին հետ, եւ զանոնք դրի այս նախաձեռնութեան մթնոլորտին մէջ», ըսաւ Պասիլ:

«Քաթարցիները ինձմէ որեւէ անուն (նախագահ) ընտրել չպահանջեցին եւ անոնք թեկնածու չունին: Անոնք ներկայիս զինադադարի հաստատման կարեւորութիւնը կը շեշտեն, եւ այդ է առաջնահերթութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի քաղաքական թղթածրարներուն, անոնք ներքին փոխ հասկացողութեան վրայ կը շեշտեն: Անոնք բաւարար գիտակցութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը ունին թեկնածու մը ուրիշներու չպարտադրելու, որովհետեւ ատիկա Լիբանանի մէջ խնդիրներու պիտի յանգեցնէ եւ արդիւնքի չի հասնիր», աւելցուց ան:

«Նախաձեռնութիւնը հիմնուած է զինադադարի հաստատման կարեւորութեան վրայ, եւ կարեւորագոյնը իսրայէլեան բռնագրաւումին Լիբանան վերադարձի վտանգները բացատրելն է: Ատիկա զայն պիտի վերածէ բաց պատերազմի դաշտի: Իսրայէլացիները պիտի չկարենան դիմադրութիւնը ջնջել, այլ պիտի ծնին դիմադրութեան շարժումներ, Հըզպալլայի հայեցակարգը պիտի ամրապնդուի եւ ճամբայ հարթէ բազմաթիւ պետութիւններու դիմաց` լիբանանեան բեմին վրայ գործելու, մանաւանդ որ Իրան պիտի չընդունի, որ Հըզպալլան պարտուի կամ ինք պարտուի», նշեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:

«Բացատրեցի շիիներուն իրենց շրջաններէն եւ տուներէն տեղահանութեան ժամանակի երկարաձգման վտանգները, եւ թէ ատիկա ընկերային ու քաղաքացիական առումով մեծ վտանգ պիտի ներկայացնէ: Այս ընթացքը Լիբանանի նկատմամբ նախանձախնդրութենէ մեկնած չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ զայն քանդումի պիտի առաջնորդէ», աւելցուց Պասիլ:

«Լիբանանցիներէն ոչ ոք կ՛ուզէ, որ Լիբանանը Իրան-Իսրայէլ ուղղակի տագնապի բեմ դառնայ կամ վերածուի քաղաքական պատերազմի դաշտի, որուն կը միջամտեն ներքին եւ արտաքին շարք մը կողմեր, ուստի թիւ 1701 որոշումին կառչիլն ու անոր գործադրութեան յանձնառու ըլլալը կը շեշտենք», նշեց ան` զգուշացնելով:

«Կը թուի, թէ պատերազմը շատ երկարատեւ պիտի ըլլայ» զգուշացուց ան:

Պասիլ նշեց, որ նախաձեռնութեան երկրորդ մասը Հանրապետութեան համաձայնական նախագահի ընտրութիւնն է` վերականգնելու համար պետութեան կառուցման հոլովոյթը:

Ան ըսաւ, որ ներկայիս այն, ինչ որ կ՛ընէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար, առաջարկուած անունները հաւաքելն է, զանոնք բոլոր երեսփոխանական պլոքներուն ու քաղաքական ուժերուն հետ քննարկելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ մէկ անձի շուրջ առաւելագոյն փոխհասկացողութեան, որ անոր 86 քուէ կ՛ապահովէ:

Պատասխանելով ցանկին վրայ գտնուող անուններուն մասին հարցումին, Պասիլ ըսաւ. «Սեղանի վրայ դրուած բոլոր անունները կը պարունակէ, առանց որեւէ անունի որդեգրման»:

Իսկ այն հարցումին, թէ այդ ցանկին վրայ Սլէյման Ֆրենժիէի եւ բանակի հրամանատար Ժոզեֆ Աունի անունը կա՞յ, ան ըսաւ. «Այո՞ հաստատ, եւ թեկնածուներու շարքին ներառեցինք Սամիր Ժահժահի անունը»` նշելով. «Ատիկա անակնկալ չէ, որովհետեւ անոր անունը սեղանի վրայ է եւ ինք ինքզինք առաջադրեց, եւ ոչ մէկ արգելք կայ, եթէ անոր նկատմամբ զօրակցութիւն ապահովուի: Մենք պատրաստ ենք Սամիր Ժահժահին օգնելու, սակայն անկարող ենք անոր օգնելու ընդդէմ բոլոր լիբանանցիներուն: Կը փափաքինք անոր օգնել իրականացնելու իր երազներն ու ձգտումները, սակայն ոչ ծրագիրները»:

«Պէտք է նախագահ ընտրելու առիթը չփախցնենք: Հետագային կրնանք չկարենալ այդ մէկը կատարել, եւ պատերազմի ընթացքն ու արդիւնքները սպասելը ոչ ոքի շահերէն կը բխի», շեշտեց Պասիլ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քաթարցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Յանձնառու Է Լիբանանի Մէջ Տագնապին Թիւ 1701 Որոշումի Հիմամբ Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելուն»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?