– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Լիբանանի մէջ պատերազմը սեպտեմբերի սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի գանձատան 6,7 միլիառ տոլար արժեց»:
– ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար «Տիար» օրաթերթին յայտնեց. «Այսօր հազարաւոր պաշտօնեաներ իրենց ընկերութիւններուն կողմէ կամայականօրէն գործէ վտարուեցան կամ ալ մասնակի ամսականներ կը գանձեն»:
– ՉԻՆԱԿԱՆ օժանդակութիւններով բեռցուած օդանաւ մը երէկ հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան:
– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ օդային կամուրջի ծիրին մէջ սէուտական օժանդակութիւններով