Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիպաֆ. «Իրան Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրութեան Քայլերուն Շուրջ Ֆրանսայի Հետ Բանակեցլու

Հոկտեմբեր 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Իրան պատրաստ պիտի ըլլայ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան քայլերուն շուրջ շօշափելի կերպով բանակցելու Ֆրանսայի հետ, որ պիտի գործէ իբրեւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդ պետութիւն»:

Քալիպաֆ այս մասին յայտարարեց Ժընեւ իր այցելութեան ընթացքին` ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցին մէջ:

Միքաթիի Արձագանգը

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, անդրադառնալով Քալիպաֆի յայտարարութեան, յայտնեց. «Զարմանք կը յայտնենք այս կեցուածքին նկատմամբ, որ բացայայտ միջամտութիւն է լիբանանեան գործին, եւ Լիբանանի վրայ մերժելի է հոգատարութիւն հաստատելու որեւէ փորձ, թէեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին ու խորհրդարանի նախագահին իրենց Լիբանան վերջին այցելութեան ընթացքին փոխանցած էինք, որ պէտք է հասկնալ լիբանանեան կացութիւնը, մանաւանդ, որ Լիբանան իսրայէլեան աննախադէպ յարձակումի կ՛ենթարկուի, եւ Լիբանանի բոլոր բարեկամներուն, որոնց շարքին Ֆրանսայի հետ կ՛աշխատինք զինադադարի հաստատման նպատակով Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու համար»:

«ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան համար բանակցութեան հարցը լիբանանեան պետութիւնը կը ստանձնէ, եւ բոլորէն կը պահանջուի այս ուղղուածութեան զօրակցիլ եւ ոչ թէ ջանալ պարտադրել նոր հոգատարութիւն մը, որ ազգային ու գերիշխանական բոլոր նկատառումներով մերժելի է», աւելցուց Միքաթի:

Վարչապետի պաշտօնակատարը արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին ցուցմունք տուաւ իր մօտ կանչել Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանատան գործավարը եւ անկէ բացատրութիւններ պահանջել:

Քալիպաֆի Մօտիկ Աղբիւրի Յստակացումը

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆին մօտիկ աղբիւր մը յայտնած է. «Այն, ինչ որ Քալիպաֆի անունով Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման մասին փոխանցուեցաւ, բացարձակապէս սխալ է»:

«Իրանի խորհրդարանի նախագահի Լիբանանի մէջ զարգացումներուն նկատմամբ կեցուածքները շատ յստակ եւ անկեղծ են», նշած է աղբիւրը:

Քալիպաֆի մօտիկ աղբիւրը նաեւ աւելցուցած է. «Քալիպաֆ իր կեցուածքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւնն ու Դիմադրութիւնը զինադադարի վերաբերեալ ինչին որ համաձայն ըլլան, Իրան անոր պիտի զօրակցի»:

Իրանի Խորհրդարանի Հաղորդագրութիւնը

Իրանի խորհրդարանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի Լիբանանի մէջ ընթացող զարգացումներուն վերաբերեալ կեցուածքը Միջազգային խորհրդարանական միութեան ընդհանուր ժողովի եւ Լիբանան իր վերջին այցելութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցներու ընթացքին կատարած յայտարարութիւններէն տարբեր չէ»:

«Այն, ինչ որ կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ Քալիպաֆի վերագրուեցաւ,  բացարձակապէս ճիշդ չէ», նշեց խորհրդարանը` շեշտելով. «Այդ կեցուածքները յստակ ու անկեղծ էին, եւ այն էին, թէ Իրան կը զօրակցի այն ամէնուն, որ լիբանանցի ժողովուրդը, անոր կառավարութիւնն ու Դիմադրութիւնը կը վաւերացնեն մնայուն զինադադարի իրագործման համար»:

«Բնական է, որ ոչ մէկ կողմ կրնայ այն պատրանքը ունենալ, որ առանց Դիմադրութեան համաձայնութեան կրնայ քաղաքական տեւական կարգաւորում կատարել, առ այդ` Իրան կրնայ պատրաստ ըլլալ Եւրոպայի հետ գործակցելու` աջակցելու համար որեւէ զինադադարի, որ Դիմադրութեան ու լիբանանեան կառավարութեան հաւանութեան արժանացած է», աւելցուց Իրանի խորհրդարանը:

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Իսրայէլ Պէտք Է Դադրեցնէ Լիբանանի Մէջ Իր Գործողութիւնները Եւ Յարգէ Անոր Գերիշխանութիւնը»

Յաջորդը

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»

RelatedPosts

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար
Լիբանանեան

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?