Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումները

October 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ խոր գնահատանք արտայայտեց 1978 թուականին ստեղծուելէն ի վեր անոր կատարած աշխատանքներուն` պահպանելու հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանի հասարակութիւններու զարգացման նպաստելու:

Նախարարութիւնը նաեւ խոր գնահատանք յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մասնակից բարեկամ երկիրներու կառավարութիւններուն, «որոնք ջանք չխնայեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աջակցելու»:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղիներուն վրայ եւ այդտեղ աշխատողներուն վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները, ինչպէս նաեւ այդ կեդրոնները դատարկելու Իսրայէլի պահանջը` նշելով. «Այս յարձակումներն ու արարքները պարզապէս միջազգային ուժին թիրախաւորում չեն, այլ միջազգային օրէնքին եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքին բացայայտ խախտում, եւ անոնք կրնան պատերազմական ոճիրի համազօր ըլլալ»:

Նախարարութիւնը նաեւ անընդունելի նկատեց Իսրայէլի` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները, մասնաւորաբար թիւ 1701 որոշումը գործադրել մերժելը:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց վճռական կերպով աջակցելու ՖԻՆԻՒԼ-ին, երաշխաւորելու անոր աշխատանքի շարունակութիւնը, զայն յարձակումի չենթարկելու կամ անոր անվտանգութեան չսպառնալու, ինչպէս նաեւ դատապարտելու Իսրայէլը եւ անոր ստիպելու անմիջապէս դադրեցնելու անոր նկատմամբ թշնամական արարքները»` յարգելով ՄԱԿ-ի հիմնարար սկզբունքները, որոնց պէտք է յանձնառու ըլլան անդամ պետութիւնները եւ բոլոր միջոցներով զանոնք ամրապնդեն:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Պէտք Է Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Անմիջապէս Զինադադար Հաստատել Եւ Լարուածութիւնը Մեղմացնել» Կ՛ըսէ Յորդանանի Թագաւորը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.