Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակում մը անցեալ գիշեր թիրախաւորեց Պէյրութի մէջ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին Հըզպալլայի ելեւմտական ենթակառոյցը»:
«Հսկայական հրդեհներ տեսնուեցան Պէյրութի մէջ, ուր բնակիչներուն զգուշացում ուղղելէ ետք աւելի քան 15 շէնքեր հարուածուեցան», ըսաւ Քաց:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց. «Հըզպալլան հիւսիսային Իսրայէլի վրայ իր յարձակումներուն եւ հրթիռարձակումներուն համար սուղ գին վճարեց ու պիտի շարունակէ վճարել»:
«Պիտի շարունակենք Իրանի գործակատարը հարուածել, մինչեւ որ ան տապալի», յայտարարեց Քաց: