Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մակրօ. «Կը Քննարկենք Լիբանանեան Զինեալ Ուժերուն Աջակցելու Ձեւը, Որպէսզի Անոնք Գետնի Վրայ Կարող Ըլլան Միջամտելու»

November 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ յայտնեց. «Իրանցիներուն հետ շարք մը հարցերու շուրջ, ներառեալ Լիբանանի մէջ կացութեան վերաբերեալ շատ անկեղծ ու յստակ քննարկումներ ունինք, եւ (Ֆրանսայի) նախագահը շատ յստակ էր, երբ ըսաւ այն, ինչ որ կ՛ուզէր Իրանի մասին ըսել, եւ նաեւ Իրանէն պահանջեց թշնամական արարքները դադրեցնել»:

Ֆրանսայի դեսպանը «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կը քննարկենք լիբանանեան զինեալ ուժերուն աջակցելու ձեւը, որպէսզի անոնք կարող ըլլան երկրի հարաւին մէջ լիբանանեան գերիշխանութիւնը պարտադրելու համար գետնի վրայ միջամտելու»:

«Շատ կանոնաւոր հաղորդակցութիւններ կան արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ, եւ մեր ներկայացուցած փաստաթուղթերը փոխանցուեցան լիբանանեան իշխանութիւններուն, ուստի մեզի համար հարցը շատ յստակ է, եւ որովհետեւ կը խօսինք Լիբանանի գերիշխանութեան մասին եւ տակաւին նոր աւարտեցինք Լիբանանի գերիշխանութեան աջակցութեան վեհաժողովը, մենք առաջնահերթ կերպով կ՛աշխատինք լիբանանեան կառավարութեան հետ», ըսաւ ան:

«Կայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը եւ զինադադարի հաստատման հարցը, եւ եթէ այս կէտին հասած ենք, ատիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ երկու կողմերուն միջեւ քննարկումներուն մէջ մեծ յառաջընթաց արձանագրած ենք», յայտնեց ֆրանսացի դիւանագէտը:

«Լիբանանեան բանակը սարքերու պէտք ունի ամրապնդելու համար հարաւի մէջ իր ներկայութիւնը, եւ զինուորներուն համար ուղղակի կերպով լիբանանեան բանակին հասնող օժանդակութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ Մակրօ:

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը նաեւ նշեց. «Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները իւրայատուկ են, եւ Ֆրանսան կառչած կը մնայ Լիբանանի մէջ բազմազանութեան պաշտպանութեան: Ֆրանսայի նախագահը շատ յանձնառու է Լիբանանի նկատմամբ եւ պիտի շարունակէ այդ յանձնառութիւնը դրսեւորել»:

 

 

Նախորդը

Կալանթ. «Մեր Ձեռքբերումները Մեզ Կը Դնեն Հըզպալլայէն Իր Ուժերը Լիթանիէն Հիւսիս Մղել Պահանջելու Ամուր Դիրքի Վրայ»

Յաջորդը

Պլինքըն Իրաքի Վարչապետին Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Լուծումի Հասնելու Դիւանագիտական Ջանքերը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.