Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խամենէի. «Հըզպալլան 40 Տարուան Ընթացքին Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դիմադրելով Հսկայական Ձեռքբերումներ Արձանագրելով Շրջանային Հզօր Ուժի Վերածուեցաւ»

November 8, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ Հըզպալլան շուրջ 40 տարուան ընթացքին իսրայէլեան բռնագրաւումին դիմադրելով հսկայական ձեռքբերումներ արձանագրեց, ինչ որ զայն վերածեց շրջանին մէջ հզօր ուժի:

Խամենէի աւելցուց, որ Հըզպալլան կրցաւ Իսրայէլին ստիպել Պէյրութէն ու Սայտայէն նահանջել, եւ հարաւային Լիբանանը ամբողջութեամբ մաքրեց իսրայէլեան ուժերու ներկայութենէն:

Ան նշեց, որ այդ ձեռքբերումները կուսակցութեան կարողութեան մեծապէս զարգանալը ցոյց կու տան:

Խամենէի յայտնեց, որ Հըզպալլան սկսաւ իբրեւ Աստուծոյ սիրոյն սրբազան պատերազմ մղողներու փոքր խմբակ մը, սակայն զարգանալով վերածուեցաւ հսկայական ուժի, որ կրնայ սիոնական գոյացութեան դէմ մեծ յաղթանակներ արձանագրել:

«Շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնները փոխուեցան շնորհիւ ժիհատականներու կամքին, եւ Հըզպալլան զոհաբերութեան ու լուրջ աշխատանքի ճամբով փաստեց սիոնական գոյացութեան հետ ճակատումին մէջ իր բարձր կարողութիւնները», ըսաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:

Խամենէի նաեւ անդրադարձաւ պաղեստինեան Համաս շարժումին` նշելով, որ Իսրայէլ անցնող բոլոր տարիներուն փորձեց ոչնչացնել Համասը, սակայն ձախողեցաւ:

Ան շեշտեց, որ պաղեստինեան շարժումը անցնող 15 տարիներուն 9 ճակատումներու ընթացքին իսրայէլեան բանակին վրայ մեծ յաղթանակներ արձանագրեց:

«Այդ բոլոր ճակատամարտերուն ընթացքին Համաս պարտութեան մատնեց թշնամին, եւ այսօր վերջին ճակատամարտին նոյնպէս յաղթանակ արձանագրեց», աւելցուց Խամենէի:

«Իսրայէլ կ՛ուզէր ոչնչացնել Համասը, սակայն շարժումը կը շարունակէ իր դիմադրութիւնը, եւ այն, ինչ որ Իսրայէլը Կազայի մէջ հազարաւոր անմեղներու սպանութեամբ կ՛ընէ, կը հաստատէ շարժումը ոչնչացնելու ձախողիլը, եւ միեւնոյն ժամանակ անոր տխեղծ դէմքը ցոյց կու տայ ամբողջ աշխարհին», ըսաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:

«Լիբանանի, Կազայի եւ Պաղեստինի մէջ շարունակուող պայքարը հաստատօրէն Դիմադրութեան ճակատի յաղթանակին պիտի յանգեցնէ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

«Լիբանանի Հետ Բանակցելու Պարտականութիւնը Պիտի Ստանձնեմ» Կ՛ըսէ Թրամփի Խորհրդական Պուլոս

Յաջորդը

Աուալի – Սայտա Անցարգելին Մօտ` Իսրայէլեան Յարձակումի Հետեւանքով 3 Քաղաքայիններ Զոհուեցան Եւ 3 Բանակայիններ Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի 4 Անդամներ Վիրաւորուեցան

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.